Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր օրը արեւոտ է. պիտի կարենաք դիւրութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ իրագործել ձեր ծրագիրները: Օրը ունի գոհացուցիչ իրագործումներ, որով պիտի ունենաք պարծենալու իրաւունք: Ունիք նաեւ շահ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր ըրէք այն, ինչ որ կը փափաքիք: Ոչինչ մերժեցէք: Ընկերային թէ ընտանեկան շրջանակներու մէջ եղէք խանդավառ եւ ծառայասէր: Օրը յաջող է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը սկսեցէք միշտ նկատի առած ձեր որոշած գործերուն ընթացքը: Ոչինչ ըրէք ձեր շահերուն վնասող: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք անցուդարձերուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մարզին մէջ ամէն ինչ պիտի ընթանայ մեծ յառաջդիմութեամբ: Պիտի կարենաք ժամանակէն առաջ աւարտել ձեր ստանձնած գործերը: Ուրախ էք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երեկոյեան հաճելի պահեր պիտի ունենաք, եթէ ուզէք. մինչեւ ուշ գիշեր ժամերը պիտի անցնին տօնական զուարթ մթնոլորտի մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը ունի յաւելեալ աշխատանքներ, որոնցմով պիտի ունենաք քիչ մը յոգնութիւն, բայց նոյն ատեն` գոհացում կատարուածին համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յիշատակներ, որոնք լուսանկարներով ձեզի պիտի յիշեցնեն ձեր անցեալի ճամբորդութիւններուն մասին: Հաճելի պահեր պիտի ապրիք այս յուշերով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիքը պիտի ունենաք ուրիշներու օգնութեան: Առանց քաշուելու` առաջարկեցէք ձեզի ծանօթ լաւ մարդոց, որոնք գործին ծանօթ են:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կատարուած անարդարութեան մը համար պիտի պաշտպանէք անձ մը: Հարկ է ըլլալ արդար նման պարագաներու եւ ոչ` կողմնակալ: Ուշադիր եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանի անասունի մը համար յատուկ գուրգուրանք պիտի ունենաք: Ձեր այս հետաքրքրութեամբ պիտի կարենաք հաճելի պահեր ապրիլ բարեկամներու հետ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դէպի բնութիւն պտոյտ մը իտէալ տրամադրութիւն պիտի ստեղծէ ձեր հոգիին հետ: Մանաւանդ խոհերուն վրայ ճաշելը մեծ հաճոյք պիտի շնորհէ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընտանիքին անդամները միասնաբար պիտի խմբուին: Մի՛ բացակայիք այս հաւաքոյթէն, որուն նմանը քիչ կը պատահի: Ընտանիքը յարգեցէք անպայման:

