50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1964)
«Մայրերու Օր»-ը Էշրեֆիէի Մէջ
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան կազմակերպած «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, չորեքշաբթի, 20 մայիս 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ: Օրուան բանախօսն էր Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան:
Բացման խօսքը ըրաւ Եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան ատենապետ Վերժին Պարոնեան:
«Զուարթնոց» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Յովսէփ Շմաւոնեանի, յաջողութեամբ երգեց «Կիլիկիա» մաղթերգը (դաշն. Գրիգոր Փիտէճեանի) եւ Տէրեանի «Երազ»-ը (երաժշտութիւն` Թ. Ալթունեանի):
Կարօ Խաչատուրեան արտասանեց Ա. Իսահակեանի «Պանդուխտ որդին»: Յովհաննէս Թադէոսեան մեներգեց դաշնակի ընկերակցութեամբ Յ. Շմաւոնեանի` «Միայն թէ մայրս չիմանայ»-ն: Մամաս Գէորգեան հարմոնիքայով նուագեց Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն եւ հանդիսականներու փափաքին վրայ` եղանակ մը եւս: Ա. Չպուքճեան արտասանեց Մ. Իշխանի «Դուք մամիկներ սեւազգեստ» քերթուածը: ՍԵդա Նալպանտեան դաշնակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթան»: Զուարթ Ալտըրմըշեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Ա. Թոփճեանի մեներգեց «Լուսաւորիչի կանթեղ»-ը (երաժշտութիւն` Շահան Պէրպէրեանի):
Գարեգին սրբազան իր բանախօսութեան մէջ շեշտեց, թէ` «Կնոջ կոչումը մայր ըլլալն է: Մեր օրերուն, երբ բոլոր ասպարէզները բաց են կնոջ առջեւ, մենք կու գանք մայրերը մեծարելով յիշեցնել, թէ կինը ուրիշ տեղ պէտք չէ փնտռէ իր փառքը, այլ միայն` իր ծնած, սնուցած եւ կրթած զաւակներուն մէջ:
«Մեր ժողովուրդը հեթանոսութեան շրջանին իսկ պաշտած է մայրութեան գաղափարը, որ կը մարմնաւորէր Անահիտ մայր ամենայն զգաստութեան»:
«Զուարթնոց» երգչախումբը երգեց հայր Գրիգոր Փիտեճեանի «Դերիկօ»-ն եւ Աշոտ Սաթեանի «Տարէք հովեր»-ը:
Առաջնորդ սրբազանը բեմ գալով` ըսաւ իր օրհնութեան խօսքը եւ աւելցուց, թէ մեր մեծարանքի արտայայտութիւնը նուիրուած է առաքինի մայրերուն եւ կը փափաքինք, որ մեր մէջ երբեք չգտնուին մայր կոչումին անարժան մայրեր:
Հանդիսութիւնը վերջացաւ երգչախումբին երգած «Հայր մեր»-ով եւ առաջնորդ սրբազանի «Պահպանիչ»-ով:
Կ. Խ.

