Կենցաղային Հարցեր. Ինչո՞ւ Սննդականոնները Ծիծաղելի Են
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՅԻՍ 6-Ը ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՆՑ-ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ՕՐՆ ԷՐ: Ի՜ՆՉ ԳՐԱՒԻՉ ԳԱՂԱՓԱՐ: ՍԱԿԱՅՆ ՄԷԿ ԱՆՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐ. ՄԻԱՅՆ 24 ԺԱՄԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ՀԵՏԵՒԵԼՈՒ ՄՏՄՏՈՒՔԸ ՄՈՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՐՔՈՐԱՆ` «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ:
Չեմ գիտեր, թէ ճիշդ ի՛նչ է Միջազգային առանց սննդականոնի օրուան պատշաճ վարուելակերպը: Ի՞նչ կ՛ընենք. տոպրակ մը աղի եւ քացախոտ չի՞փս կը նուիրենք իրարու, բոլորս միասին կ՛ուղղուինք դէպի հանրախանութներու Էմ. էնտ Էս. շոքոլաներու անկի՞ւնը` մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն պահելու համար:
Անշուշտ կը չափազանցեմ: Թէեւ Միջազգային առանց սննդականոնի օրը կը թուի ըլլալ միջազգային այն բազմաթիւ օրերէն մէկը, որոնք կանոնաւոր կերպով կը յայտնուին ընկերային լրատուամիջոցներու մէջ եւ լրագրողներու ե-նամակատուփերուն, յաճախ ծիծաղելի եւ աննպատակ կերպով, սակայն կը թուի, թէ անիկա միլիոնաւոր մղոններ հեռու է մեզմէ:
Միջազգային առանց-սննդականոնի օրը կը նշուի ամէն տարուան մայիս 6-ին եւ կը քաջալերէ ընդունիլ մեր սեփական մարմինը, ինչպէս նաեւ` մարդկային մարմնի տարբեր ձեւերը: Անիկա կ՛ընձեռէ մեր մարմնին ձեւին մասին մտատանջուելու եւ սննդականոնի հետեւելու տաղտուկէն զերծ օր մը` լուսարձակի տակ առնելով բազմաթիւ սննդականոններու ապարդիւն բնոյթը եւ կարգ մը սննդականոններու վտանգները: Անոր բարոյական պատգամը կարելի է սփռել երդիքներէն (կամ աւելի ճիշդ` ճաշարաններու սեղաններէն), որովհետեւ կը սիրեմ ուտելիքները եւ կը խորշիմ յատուկ սննդականոնի հետեւելու գաղափարէն: Առողջապահական, հաւասարակշռուած սննդականոնը եւ թենիսի նման քրտնեցնող խաղերը լաւ են, սակայն յատուկ սննդականոնը` ոչ:
Շուրջ 6 քկ. կորսնցուցի, երբ դադրեցայ սպառած ուտելիքներուս ջերմուժը հաշուելէ: Սակայն, յայտնապէս այս իմաստութեան (ինչպէս կեանքի իմաստութիւններուն մեծ մասին) անդրադարձայ միայն 30 տարեկանիս: 15 տարեկան ոեւէ պատանի, որ իր մօր կ՛ըսէ, թէ այսուհետեւ պիտի սնանի միայն առանց ճարպի հաւու միսի շերտերով, մտածելով, որ ընդմիշտ անօթի պիտի մնայ, կը գիտակցի, թէ «սննդականոնէ զերծ» պատգամը յաճախ շատ կենսական է անչափահասի մը համար:
Այսուհանդերձ, այս օրը նաեւ ունի իր ժխտական կողմը:
Ըսել կ՛ուզեմ, թէ Առանց սննդականոնի օրը, որուն հիմը դրած է կիներու իրաւունքներու բրիտանացի պաշտպան Մերի Իւանզ Եանկ` 1992-ին, եւ որ այսօր կը թեւակոխէ իր 23-րդ տարին, իրականութեան մէջ տակաւին գոյութիւն չունի, ինչպէս տակաւին գոյութիւն չունին բազմաթիւ սննդականոններ:
Կը շարունակուի այն համոզումը, թէ ուտեստեղէնի որոշ համադրումներ կամ միայն որոշ օրերու ուտելը եւ այլ օրերու չուտելը կրնայ կախարդական ներգործութիւն ունենալ եւ ի վերջոյ մեզի համար ընդմիշտ վայելուչ հանդերձանքի վերածել այն ճինզ տափատը, զոր տեսած ենք վաճառատան մը ցուցափեղկին մէջ:
Ի տարբերութիւն հակառակը փաստող ապացոյցներու` Բրիտանիոյ Բժշկագիտութեան հիմնարկը կը նշէ, որ թէեւ շատեր սննդականոնի հետեւելու ընթացքին որոշ ծանրութիւն կը կորսնցնեն, սակայն իրենց կորսնցուցած ծանրութեան 66 առ հարիւրը վերստին կը կուտակեն մէկ տարուան ընթացքին, եւ գրեթէ բոլորը` 5 տարուան ընթացքին: Սակայն միշտ ալ կը կարծենք, թէ նիհարնելու ձեւը այս է, եւ ոչ թէ` ինքնաշարժի փոխարէն քալելով գործի երթալը եւ առողջապահական ձեւով եփելը` մեր ծանրութիւնը ընդմիշտ հակակշիռի տակ պահելու համար:
Նորութիւն չէ, թէ Արեւմուտքը յայտնապէս կը տառապի հաւաքական եւ յաճախակի յիշողութեան կորուստէ: Խօսքս չի վերաբերիր բժշկագիտական բացատրութեամբ սոնքութենէ (օպիսիթի) տառապողներուն, որոնք պարտաւոր են յատուկ սննդականոնի հետեւիլ` ծանրութիւն կորսնցնելու համար, այլ անոնց, որոնք տեւաբար Թուիթըրի վրայ կը գովերգեն իրենց ընտրած նորագոյն սննդականոնը, այլ հարց, թէ քանի մը շաբաթ Աթքինզ սննդականոնի հետեւելէ ետք անոնց ստամոքսը դարձեալ կը կռկռայ եւ ձեռքերը կը սկսին դողալ, հետեւաբար անմիջապէս կը փութան մօտակայ կրպակ մը, ուր մինչեւ 50 փաունտ կը ծախսեն` կաթով պատրաստուած տուրմի տեսակներով փարատելու համար իրենց տանջանքը:
Անշուշտ ոչ ոք յանցաւոր է: Այս հրեշատիպը ստեղծած ենք` միայն Բրիտանիոյ մէջ ծաւալելով 2 միլիոն փաունտ արժողութեամբ սննդականոնի ճարտարարուեստ մը եւ տարածելով այն համոզումը, թէ հաւանաբար գոյութիւն ունի կարճ ժամանակի մէջ բարեձեւ դառնալու ձեւ մը: Կ՛ապրինք գեղեցկագիտական գործողութիւններու եւ քրետիթ քարտերու ժամանակները. միշտ գոյութիւն ունին հարցերը արագ լուծելու ձեւեր: Սակայն հարցը այն է, թէ այս պարագային գոյութիւն չունի նիհարնալու արագ ձեւ մը:
Միջազգային առանց սննդականոնի օրը հրաշալի է` ամէն իմաստով: Դժբախտաբար անպատեհութիւնը այն է, թէ տարուան իւրաքանչիւր օրը չէ ճանչցուած այս ոչ պաշտօնական անունով: Մարմնական հարցերով մտատանջուելու եւ ջերմուժները հաշուելու տաղտուկէն զերծ մէկ ու միակ օր մը բաւարար չէ ամբողջ տարուան մէջ:
Սննդականոնները ծիծաղելի են: Անոնք անօթի կը պահեն մեզ, եւ մենք կը համակուինք տարբեր ուտելիքներու մասին մտածելով: Իսկ եթէ Բրիտանիոյ բժշկագիտական հիմնարկին վիճակագրական արդիւնքները արժանահաւատ են, ապա պէտք է ընդունինք, թէ սննդականոնները ամէն պարագայի չեն նիհարցներ, գէթ` քանի մը շաբաթէն աւելի նիհար չեն պահեր մեզ, ինչ որ իրապէ՛ս ճնշիչ կը դարձնէ սննդականոնի ամբողջ գաղափարը, եւ ճարահատ` նոյնիսկ կ՛ուզենք մեր գլուխը զարնել պատին: Նկատի ունենալով սննդականոնի նոր տեսակներու մեր անյագ մարմաջը` շատ հաւանական է, որ պատին զարնուած մեր վիրաւոր գլուխին համար իբրեւ վիրակապ գործածենք նիհարնելու նորագոյն միջոցը գովաբանող որմազդ մը:

