Կենցաղային Հարցեր. Աննպատակ Քալելու Սովորութիւնը Կ՛անհետանայ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԵՔԵՆԱԿԱՆ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՈՂ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՔԱԼԵԼԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎԱՏՆՈՒՄ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ: ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ՔԱԼԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՍԷՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ՆԱԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅԼ ԲԱՆ ՄԸ: ՎԵՐՋԵՐՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՇԱՐՔ ՄԸ ԳԻՐՔԵՐ ԿԸ ՇԵՓՈՐԵՆ ՔԱԼԵԼՈՒ ՍԻՐՈՅՆ ՔԱԼԵԼՈՒ ԵՒ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԻ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ: «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս «ԲԱՑ ԵՒ ԴԱՏԱՐԿ ՈՒՂԵՂՈՎ» ՔԱԼԵԼԸ ԿԸ ԽԹԱՆԷ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ:
Քալելը պերճանք է Արեւմուտքի մէջ: Մանաւանդ քաղաքներու մէջ քիչեր պարտաւոր կը զգան քալելու: Ինքնաշարժներ, հեծիկներ, հանրային փոխադրակառքեր, գնացքներ բոլորն ալ կը փորձութեան կը մատնեն մեզ:
Փոխարէնը` որեւէ տարածութիւն ոտքով կտրելը մաս կը կազմէ ծրագրուած ժամանցի կամ կը նկատուի առողջութիւնը բարելաւելու, ծանրութիւն կորսնցնելու, մարմինը ֆիզիքական առողջ վիճակի մէջ պահելու միջոց: Սակայն մարդիկ նաեւ այլ պատճառով կը նախընտրեն քալել. ոմանց համար քալելը կը նպաստէ մտածելու:
Մտածելով Քալողներ
Բանաստեղծ Ուոըրծուըրթ կը սիրէր քալել: Անոր գործերը սերտօրէն կապուած են Լէյք Տիսթրիքթի շուրջ քալելով կատարած իր պտոյտներուն հետ, որոնց ընթացքին կը գինովնար բնութեան գեղեցկութեամբ եւ կը խորասուզուէր մտածումներու մէջ:
Չարլզ Տիքընզ լաւ քալող էր: Ան մէկ գիշերուան մէջ աւելի քան 30 քմ կը քալէր: Կարելի է նոյնիսկ Լոնտոնի բոյրը շնչել անոր արձակին մէջ: Վըրճինիա Վուլֆ կը քալէր` ներշնչուելու համար. ան Սաութ Տաունզի իր բնակարանէն դուրս գալով` յաճախ կը դեգերէր Լոնտոնի զբօսայգիներուն մէջ:
Հռչակաւոր Քալողներ
«Այնպէս` ինչպէս մէկ քայլով կարելի չէ ճամբայ մը բանալ հողին մէջ, նոյնպէս ալ մէկ մտածումով կարելի չէ ուղի մը բանալ ուղեղին մէջ: Ֆիզիքական խոր ճամբայ մը բանալու համար պէտք է տեւաբար քալենք նոյն տեղէն: Մտային խոր ճամբայ մը բանալու համար պէտք է տեւաբար կրկնենք այն մտածումները, որոնց տիրական ներկայութիւնը պիտի ցանկայինք մեր կեանքին մէջ»:
Ամերիկացի գրագէտ Հենրի Տէյվիտ Թորօ` քալելու մասին:
«Քանի մը տարի առաջ կը տառապէի ժամանակաւոր անքնութենէ: Կարելի է ըսել, թէ ունէի լարուած վիճակ մը, որ զիս կը մղէր ամբողջ գիշերը քալելու փողոցները: Թերեւս այս խանգարումը յաղթահարելը երկար պիտի տեւէր, եթէ փորձէի անկողինիս մէջ մնալ եւ պայքարիլ: Սակայն յաջողեցայ կարճ ժամանակի մէջ լուծել հարցը` անկողին երթալէ անմիջապէս ետք դուրս գալով, տունէն հեռանալով եւ արեւածագին յոգնած վերադառնալով»:
Բրիտանացի գրագէտ Չարլզ Տիքընզ` գիշերը քալելու մասին:
«Երբ մեր մէջ կը ծնի ցանկութիւնը փողոցները թափառելու, ոտքի կը կանգնինք եւ կ’ըսենք. «Ճիշդ է, պէտք է երթամ եւ մատիտ մը գնեմ: Կարծէք այս պատրուակին պէտք ունինք` վայելելու համար ձմեռ ժամանակ քաղաքի մը մէջ ապրելու հաճոյքը, այսինքն` թափառելու Լոնտոնի փողոցներուն մէջ»:
Բրիտանացի գրագէտ Վըրճինիա Վուլֆ` «Սթրիթ հանթինկ. է Լանտըն էտվենչըր» գրութեան մէջ:
Գրագէտ եւ բնութենապաշտ Հենրի Տէյվիտ Թորօ տեւաբար կը քալէր բնութեան մէջ: Սակայն նոյնիսկ Թորօ չէր կրնար մրցիլ քանդակագործ Քոնսթանթին Պրանքուզիի հետ, որ գրեթէ քալելով կը կտրէր ամբողջ ճամբան` Ռումանիոյ իր գիւղէն մինչեւ Փարիզ, կամ` բրիտանացի գրագէտ Փաթրիք Լի Ֆըրմորի, որ 18 տարեկանին Հոլանտայէն Պոլիս քալելով` ներշնչուած է եւ գրած բազմաթիւ ուղեգրութիւններ: Ճորճ Օրուըլ, Թոմաս տը Քուինսի, Նասիմ Նիքոլա Թալեպ, Ֆրիտրիխ Նիցչէ, Պրուս Չաթուին, Ու. Ճ. Սիպալտ եւ Վլատիմիր Նապոքով գրած են քալելու մասին:
Վերջին տասնամեակներուն կենսոլորտի եւ միջավայրի պաշտպան գրագէտ Ճոն Ֆրանսիս ճանչցուած է իբրեւ առասպելական քալող մը: Ան քալելու ներշնչումը ստացած է` ականատես դառնալէ ետք Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցին մէջ քարիւղատար նաւու մը արկածին: Այնուհետեւ ան փոխադրակառքերէ խուսափած է ամբողջ 22 տարի եւ քալելով տեղափոխուած է: Զուգահեռ` ան վճռած է բնաւ չխօսիլ եւ յաջողած է անխօս մնալ 17 տարի:
Սակայն պայման չէ գրագէտ ըլլալ` անդրադառնալու համար քալելու կարեւորութեան. այսինքն` յատուկ տեսակի քալելու կարեւորութեան. ոչ թէ տունէն թաղին անկիւնի վաճառատունը քալելու, այլ` աւելի աննպատակ քալելու:
Հասարակաց Կշռոյթ Մը`
Քալելու Եւ Մտածելու Միջեւ
Բրիտանիոյ մէջ մայիսը Քալելու ազգային ամիս է: Նոր լոյս տեսած գիրք մը` Ֆրետերիք Կրոսի «Է ֆիլոզոֆի աֆ ուոքինկ»-ը այժմ քննարկումի նիւթ է: Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ Սթանֆորտ համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ նոյնիսկ մարզանքի գործիքին վրայ քալելը կը բարելաւէ ստեղծագործական մտածողութիւնը:
Բնագէտներ, Որոնք Կը Սիրէին Քալել
Վերնըր Հայսընպըրկ կը սիրէր քալել:
Հայսընպըրկի անորոշութեան սկզբունքին ամբողջական կարեւորութեան անդրադարձած է բրիտանացի բնագէտ Փոլ Տիրաք` երկար քալելու երթալէ ետք:
Օթթօ Ֆրիշ եւ Լիզ Մայթնըր հիւլէական զէնքերու բանալի սկզբունքը յայտնաբերած են ձիւնին մէջ քալելով: Իրականութեան մէջ Ֆրիշ դահուկներով կը քալէր:
Արեւմուտքի մէջ մարդիկ կը շարունակեն քալել: Վիճակագրութեան մը համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ քալելը մաս կը կազմէ գրեթէ իւրաքանչիւր ուղեւորութեան, իսկ ուղեւորութիւններուն շուրջ 25 առ հարիւրը ամբողջութեամբ կը կատարուի քալելով: Սակայն նոյն վիճակագրութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ուղեւորութիւններուն միայն 17 առ հարիւրը կը կատարուի քալելու սիրոյն, ներառեալ` շուները պտտցնել:
Իսկ «քալելու սիրոյն» ըսելով` կը հասկնանք քալելու այն տեսակը, զորս կը սիրեն ստեղծագործ ձեւով մտածողները:
«Հասարակաց եզր մը գոյութիւն ունի քալելու կշռոյթին եւ մտածելու կշռոյթին միջեւ: Քալելը կը պահանջէ որոշ չափի կեդրոնացում, սակայն ժամանակին մեծ մասը ազատ կը ձգէ` մտածումի թռիչքի: Կը հաւատամ, որ երբ արիւնը կը սկսի հոսիլ ուղեղին մէջ, անիկա կը սկսի աւելի ստեղծագործ ձեւով աշխատիլ», կ’ըսէ Ճէոֆ Նիքըլսըն` հեղինակը «Տը լոսթ արթ աֆ ուոքինկ» գիրքին:
«Զգայարաններդ կը սրին, երբ կը քալես: Իբրեւ գրագէտ` քալելու կը դիմեմ հարցեր լուծելու համար: Շատ աւելի հաւանական է, որ հարցի մը լուծումը գտնեմ քալելու ժամանակ, քան` գրասեղանիս ետին «մտածելով»»:
Նիքըլսըն կը բնակի Լոս Անճելըսի մէջ. քաղաք մը, որ տխրահռչակ է ինքնաշարժներու գործածութեամբ` իբրեւ գլխաւոր փոխադրամիջոցի: Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունին նաեւ այլ քաղաքներ, ուր երեկոյեան քալելը այնքան ալ դիւրին չէ: Օրինակ` Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ նոյնիսկ կարճ միջոց մը կտրելու համար պէտք է բաւական համբերատար ըլլալ: Մայթերը յանկարծ խորհրդաւոր կերպով կը վերջանան, բանուկ ճամբաները պէտք է կտրել առանց խաչմերուկներու օգնութեան, իսկ ինքնին քալելու գաղափարը զարմանք կը պատճառէ շրջանի բնակիչներուն:
«Բազմաթիւ են այն վայրերը, ուր քալելու ժամանակ ինքնագիտակցական զգացում մը կ’ապրինք եւ քալելը կը դառնայ հիմնական արարք մը», կ’ըսէ «Տի արթ աֆ ուոնտըրինկ. տը ռայթըր էզ ուոքըր» գիրքի հեղինակ Մըրլին Քաւըրլի:
Սակայն, նոյնիսկ իբրեւ գլխաւոր փոխադրամիջոց ինքնաշարժի ապաւինած քաղաքներու մէջ թափառիլը արդիւնաւէտ է: «Առաւելաբար կը քալեմ այս քաղաքին` Լոս Անճելըսի մէջ, ուր ամէն ինչ տարածուած եւ սփռուած է,- կ’ըսէ Նիքըլսըն:- Շատ բան կայ դիտելիք: Քաղաքը կարելի է հետազօտել քալելով: Միշտ կը փնտռեմ տարօրինակ արահետներ եւ գողտրիկ անկիւններ»:
Ճեմողը
Օքսֆորտ բառարանը «ֆլանոր»-ը կը նկարագրէ իբրեւ «գիւղաքաղաքին մէջ անբան պտտող մարդ»:
Այս եզրը ծնունդ առած է 19-րդ դարու Ֆրանսայի մէջ:
Բանաստեղծ Շարլ Պոտլեր կը նկատուի անոր նախատիպարը:
Նիքըլսըն վիպագիր է եւ իր փորձառութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «դիտելու նպատակով քալելու ընտրանք»: Սակայն քալելու անոր միւս բնորոշումը կ’ենթադրէ բոլորովին բաց եւ դատարկ ուղեղ մը, որ կը սպասէ պարագայական ներշնչումի:
Դիտելով Քալել
Քիչեր համբերութիւն ունին ժամանակ տրամադրելու: Շատեր տեղէ տեղ երթալը կը նկատեն «մեռած ժամանակ», հետեւաբար` ժամանակի կորուստ, երբ աշխատանքը եւ երթեւեկը զիրենք հեռու կը պահէ իրենց տունէն, ընտանիքէն եւ այլ հաճոյքներէ: Քալելը կը նկատուի «դատարկ ժամանակ, զոր պէտք է լեցնել», կ’ըսէ Ռեպեքա Սոլնիթ` հեղինակը «Ուոնտըրլասթ. է հիսթըրի աֆ ուոքինկ» գիրքին»:
Շատեր այսօր միաժամանակ կը քալեն եւ բջիջային հեռաձայնով երկտողեր կ’ուղարկեն: Միացեալ Նահանգներու մէջ արկածներ արձանագրուած են այս պատճառով: Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, բջիջային հեռաձայնով երկտողեր ուղարկելը նոյնիսկ փոխած է մարդոց քալելու ձեւը:
Հարցը միայն երկտողեր փոխանակելը չէ: Կ’ապրինք «խելացի հեռաձայններու պաստառներուն վրայ բացուող քարտէսներու դիմող մարդոց» ժամանակաշրջանը. մարդիկ միայն հազուադէպօրէն իրենց հայեացքը կը բարձրացնեն ելեկտրոնային ճամբայ գտնող գործիքներէն` խուսափելու համար բանի մը վրայ կոխելէ կամ ինքնաշարժի մը հարուածին ենթարկուելէ:
«Կը հանդիպինք մարդոց, որոնք տուեալ տեղէ մը այլ տեղ կ’երթան` առանց իրենց գլուխը բարձրացնելու բջիջային հեռաձայնէն,¬ կ’ըսէ Սոլնիթ:- Մինչդեռ անցեալին մարդիկ ծանօթ էին իրենց քալած տարածքին»:
Մարդիկ պէտք է քալելու երթան` առանց իրենց ուշադրութիւնը այլ բաներու վրայ կեդրոնացնելու, կ’ըսէ Նիքըլսըն եւ կ’աւելցնէ. «Կը հաւատամ, թէ կարեւոր է մտածելով քալելը, ապրիլ պահը եւ կեդրոնացած քալելը»:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ քալելու ընթացքին պէտք չէ երաժշտութիւն ունկնդրել եւ ընթերցանութիւն լսել: Հաւանաբար նաեւ պէտք է առանձին քալել:
Սի. Էս. Լուիս կը հաւատար, թէ նոյնիսկ զրուցելը կը խանգարէ քալելը: «Միակ անձը, որուն հետ կարելի է քալել, ան է, որուն հետ կրնանք ակնարկով մը, պահ մը կանգ առնելով կամ առաւելագոյնը հպումով մը բաժնել քաղաքամերձ շրջաններու յատուկ մէկ երեւոյթը տեսած ըլլալու մեր հաճոյքը», գրած է ան:
Այն իրողութիւնը, թէ Արեւմուտքի մէջ մարդիկ սկսած են արհամարհել քալելը, արդէն նշմարելի է լեզուին մէջ: «Երբ մարդիկ բան մը կը նկարագրեն իբրեւ անցորդներու յատուկ, ըսել կ’ուզեն, թէ տափակ եւ սահմանափակ է», կ’ըսէ Սոլնիթ:
Ինչպէ՞ս Քալել
Եթէ խտացնենք քալելու վերաբերող գիրքերու գլխաւոր թելադրանքները, կ’ունենաք հետեւեալը.
Միշտ աւելի հեռու քալեցէք` առանց ուղի մը ճշդելու:
Բջիջային հեռաձայնով երկտողեր մի՛ ուղարկէք եւ անոնց քարտէսներուն մի՛ հետեւիք:
Երաժշտութիւն մի՛ ունկնդրէք քալելու ժամանակ:
Առանձին քալեցէք:
Յայտնաբերեցէք քալելու յարմար վայրեր:
Մտածելով քալեցէք:
Այս խորհուրդներուն հետեւելով` կը քաղէք անոնց բարիքները: «Բաց երկինքին տակ առանձին, ազատ եւ աննկատ քալելով` կը յայտնաբերէք մարդիկը ձեր շուրջ», ինչպէս կ’ըսէ Սոլնիթ:




