«Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կիթառահարներու Համոյթի Գեղեցիկ Ելոյթ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի, կիրակի, 25 մայիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Քոլեճի կիթառի ուսուցիչ եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ նախ բեմ բարձրացան կիթառահարները, որոնց աւելի ուշ միացան ջութակահարները, ապա` ձեռնադաշնակահարը, տհոլահարն ու սրնգահարը:
Երեկոյին ընթացքին հնչեցին Սեփասթիան Եիրատիէի «Լա փալոմա»-ն, Մինաս Ժերայիսի ժողովրդային պարը` «Քաթարեթէ», Սպանիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի ժողովրդային պարը` «Չոթէ», Ճոն Տուարթի «Սուիթ 1 – 2 – 3»-ը, Մանուէլ տէ Ֆալլայի «Տանզա տեր մորիներօ»-ն, «Քելէ, քելէ»-ն` Աշոտ Ճենտերեճեանի կողմէ դաշնաւորուած, «Էլ քոնտոր փասա»-ն` Մկրտիչ Միքայէլեանի դաշնաւորումով:
Ներդաշնակ եւ գեղեցիկ կերպով ներկաներուն հրամցուեցան Եուրկ Հոխվեպըրի «Լա Ժիթանիթա»-ն, Ֆրանսիսքօ Թարեկայի «Ռեքուերտոս տէ լա Ալհամպրա»-ն, «Լէ տէօ կիթար»-ը, Խուան Սերանոյի «Ռումպա Թեմփեսթատ»-ը Նիքոլօ Փականինիի «Զուգերգ թիւ 1»-ը, Մոցարտի «Ռոնտօ»-ն, Ասթոր Փիացոլայի «Լիպերթանկօ»-ն եւ աւանդական «Հաուըրս տենս»-ը:
Սրահը լեցուեցաւ երաժշտական տարբեր կտորներու մեկնաբանութենէն ծնունդ առած իւրայատուկ դրսեւորումներով` ներկաներուն առիթ տալով ապրելու արուեստի գեղեցիկ պահեր եւ վայելելու Համազգայինի երաժշտական քոլեճի յարկին տակ իրենց քայլերը առնող աշակերտներուն երաժշտական հմտութիւնները:

