Ներսիկ, Աղասի Եւ Արաբօ Իսպիրեան Երրեակը Խանդավառութեամբ Ոգեկոչեց Մայիսեան Անկախութեան Յաղթանակը

2505Isbirian1ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած ու կազմակերպած Մայիսեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կիրակի, 25 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ Ծաղկաձորի Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան անկախութեան նուիրուած յատուկ երգահանդէսը:

Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած հայրենի երգիչներ` Ներսիկ, Աղասի եւ Արաբօ Իսպիրեաններ մեծ խանդավառութեամբ ոգեկոչեցին 28 մայիս 1918-ի անկախութեան պատմական նուաճումը:

2505Isbirian2Երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամերը շարունակուած այս երգահանդէսի սկիզբը արտասանած խօսքին մէջ յեղափոխական երգերու մեկնաբան, հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան  հաստատեց, որ մայիս ամիսը յաղթանակի ամիս է հայութեան համար: «Մեր հոգու սրբութիւն սրբոցն է մայիս ամիսը,Վարդանանց յաղթանակը, Շուշիի ազատագրումը եւ Մայիսեան անկախութիւն»-ը բոլորն ալ մայիս ամսու մէջ իրագործուեցան», յիշեցուց Ներսիկ Իսպիրեան եւ աւելցուց. «Տայ Աստուած մի գեղեցիկ օր, այդ մայիսեան  առաւելութիւնները ինչ որ արձանագրել  է հայ ժողովուրդը` տարածուի Արեւմտեան Հայաստանի վրայ եւ մայիս ամիսների ընթացքին կարողանանք ազատագրել մեր ողջ Արեւմտահայաստանը»:

Երգահանդէսին ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ, ներկաները պար բռնեցին հայկական հարազատ երգերու կշռոյթով:

Share this Article
CATEGORIES