Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

14272686795_0eed92ede2_oԿիրակի, 25 մայիս 2014-ին, յընթացս Սուրբ պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն` կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Ձեռնադրութիւնը կատարեց Տիրայր արք. Փանոսեան: Արարողութենէն ետք, իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց նորընծաներուն եկեղեցւոյ ծառայելու հրամայականը: Ան ըսաւ, որ ծառայութեան ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ծառայութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով նոյնն է:

Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ա. Ընծայարանի եւ Դ. Ժառանգաւորացի տասներկու սաները` Աւետիս Ասայեան, Նարեկ Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Մելլումեան, Նորայր Տալգլըճեան, Յակոբ Անտրեան, Դանիէլ Գէորգեան, Ասատուր Եղիայեան, Տիգրան Զապոնեան, Եսայի Մանուկեան, Պետրոս Տէր Կարապետեան, Մկրտիչ Քիւրիւմեան եւ Գրիգոր Ֆենէրճեան:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը կը շարունակէ նոյն ոգիով ու տեսիլքով իր առաքելութիւնը` հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուող մշակներ կազմաւորելով:

Share this Article
CATEGORIES