Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը
Երկուշաբթի, 26 մայիս 2014-ին,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան դոկտ. Ղատանֆար Ռուքն Ապատիի: Դեսպանը Անթիլիաս այցելած էր շուրջ հինգ տարուան Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին, հրաժեշտ առնելու վեհափառ հայրապետէն:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի եւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Դեսպանը իր գնահատանքը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Արամ Ա. կաթողիկոսի դրական դերին, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ծիրին մէջ: Դեսպանը նաեւ ողջունեց Լիբանանի հայութեան հաւասարակշռուած մօտեցումները Լիբանանի յուզող հարցերուն նկատմամբ:
CATEGORIES Գաղութային

