Մայրենի Լեզուի Պահպանման Ի Խնդիր Կազմակերպուող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Հանգրուան
Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան շաբաթ, 24 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաճելի սովորութեան վերածուած եւ բոլորին կողմէ սպասուող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն:
Չորս տարիէ ի վեր իր յաջող ընթացքը շարունակող այս յայտագիրը արդէն իսկ վերածուած է իւրայատուկ, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն համար հետաքրքրական ըլլալէ անդին անցնելով օգտաշատ յայտագիրի մը, մանաւանդ որ անիկա իր շուրջ կը համախմբէ հայկական վարժարանները, աշակերտներուն առիթ կու տայ «Վանայ ձայն»-ի երդիքին տակ նոր փորձառութիւն ապրելու, իսկ կարեւորագոյնը` մայրենի լեզուի տառերուն աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ զանոնք ճիշդ հնչելու վարժութիւն ձեռք ձգելու` մրցումի եւ խաղի ճամբով:
Յայտագիրին բացումը կատարեց եւ «Ճիշդ հնչենք»-ի այս տարուան անցած ուղիին, աշակերտներուն ունեցած փորձառութեան մասին խօսեցաւ յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան` դիտել տալով, որ սթիւտիոյին մէջ տեղի ունեցածին ծանօթանալու առիթ չեն ունենար ունկնդիրները, ուստի, ան յայտնեց, որ այս տարի այդ մթնոլորտը բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու միտումով պատրաստուած է տեսերիզ մը:
Ան յայտնեց, որ 2014-ին «Ճիշդ հնչենք»-ին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 43 աշակերտներ:
Տեսերիզին մէջ ամփոփուած էին տեսարաններ` «Ճիշդ հնչենք»-ի այս տարուան յայտագիրներէն, աշակերտներուն ապրումները, անոնց անցուցած ուրախ ու տխուր պահերը, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ հիւրերու կարծիքները յայտագիրին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց առաջարկները:
Աւարտական հանգրուանի հասած էին հետեւեալ աշակերտները. 6-րդ դասարան` Կալի Աւագեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Վաչէ Չլտըրեան (ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան), 7-րդ դասարան` Նարօտ Մերտխանեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան) եւ Զեփիւռ Արսլանեան (Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Ս. Ագնէս վարժարան), 8-րդ դասարան` Սերժ Քիւշէրեան (Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան) եւ Սէրլի Տէրտէրեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան):
Այս տարի եւս յայտագիրին վերահսկեց Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ յայտագիրին մասին իր կարծիքը յայտնելով` դիտել տուաւ, թէ չորրորդ տարին ըլլալով յայտագիրին կայացումը կը փաստէ, որ ան իր առաքելութեան մէջ յաջողած է, կրցած է օգտաշատն ու հետաքրքրականը միացնել: Ան նշեց, որ պէտք է ընդառաջել նաեւ տեսերիզին ճամբով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայացուցած առաջարկներուն` ընդհանուր զարգացման եւ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման յաւելեալ յայտագիրներու նախաձեռնելով:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական հանգրուանը: Մրցանակակիրներ հանդիսացան Կալի Աւագեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Նարօտ Մերտխանեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն եւ Սէրլի Տէրտէրեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն:
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան այս առիթով դիտել տուաւ, որ այս յայտագիրին յաջողութիւնը նաեւ կ՛ապացուցէ այն, որ այս ճամբով եւս կայանը իր վրայ դրուած առաքելութիւնը արդարացուցած է` հանդիսանալով սփիւռքի այն «ձայնը», որուն թիրախը հայութիւնն է, հայոց լեզուի ու մշակոյթի պահպանութիւնը, ազգային հարցերն ու առաջադրանքները: Ան դիտել տուաւ, որ ունկնդիրներու եւ բարեկամներու քաջալերանքով «Վանայ ձայն»-ը պիտի նախաձեռնէ նորանոր յայտագիրներու, որոնց ընդմէջէն հետամուտ պիտի ըլլայ հայկական արժէքներու պահպանման: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` դիտել տալով, որ նախընտրելի պիտի ըլլար ներկայութիւնը մասնակից վարժարաններու բոլոր տնօրէններուն:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ գոհունակութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց նման յայտագիրի մը հովանաւորութիւնը Այնճարի քաղաքապետութեան վերապահելուն համար, որովհետեւ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայապահպանման իմաստով: Ան շեշտը դրաւ հայոց լեզուի ու մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ` նշելով, որ ատիկա լիբանանեան սահմանադրութեամբ ճշդուած իրաւունք եւ պարտաւորութիւն է միանգամայն: Կ. Փամպուքեան հաստատեց, որ հայկական արժէքներու, պատմութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման նպատակով նախաձեռնուած նորանոր յայտագիրներու նեցուկ ու քաջալերող ըլլալու պատրաստակամ է Այնճարի քաղաքապետութիւնը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան հաստատեց, որ հայութեան գոյատեւման հիմնական երաշխիքը մայրենի լեզուն է` աւելցնելով, որ այս գիտակցութեամբ պէտք է գործել եւ շարունակել երթը:
Հ. Փափազեան-Էմմիեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան յայտագիրի յաջողութեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր ստացաւ 350.000 լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 150.000 լիբ. ոսկի: Յայտագիրին մասնակցած բոլոր աշակերտներն ալ ստացան քաջալերական նուէրներ` «Վանայ ձայն»-ի կողմէ:

