Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Հայութեան Խանդավառ Մասնակցութեամբ`. Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնները` Ազգային Տեսլականներու Վերահաստատման Նոր Առիթ

2905BourjHammoud

Պուրճ Համուտի մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինի, «Կարմիր լեռ», «Նիկոլ Դուման», «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններու կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 մայիսի երեկոյեան, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 96-րդ տարեդարձի ժողովրդային տօնակատարութիւններ:

Պուրճ Համուտի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «Իշխան», «Դրօ» եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձի ժողովրդային տօնակատարութիւն:

Մայիսեան յաղթանակի շունչով, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները «Նիկոլ Դուման» ակումբէն սկսան տողանցել դէպի Արագած, ապա Սիս եւ ուղղուեցան մինչեւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտ:

Պաշտօնական տօնակատարութիւնը բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:

Հուրի Զաքարեան

Հուրի Զաքարեան

«Իշխան», «Դրօ» եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Հուրի Զաքարեան, որ ըսաւ, թէ 1918 Մայիս 28-ին անկախութեան իրականացումը յաջողեցաւ միմիայն հայ ժողովուրդի հաւաքական ճիգերով, երկարատեւ պայքարով եւ անսահման զոհողութիւններով, երբ ստրկամիտ հայը դարձաւ ինքնիշխան ու հերոս, կրցաւ պահել իր ազգային արժանապատուութիւնը եւ կերտեց անկախութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Մայիս 28-ի անկախութիւնը ուխտ է, պատգամ եւ յանձնառութիւն` աւելցնելով, որ պէտք է հաւատալ մեր երիտասարդ սերունդին եւ վստահիլ մեր բազուկներուն ուժին: «Ինչպէս 1918-ին, նոյնպէս այսօր պէտք է անկախութեան պայքարը շարունակել եւ անձնատուր չըլլալ, որովհետեւ մարտունակութեան եւ յարատեւ պայքարի մէջ պահուած է վերջնական յաղթանակը», ըսաւ ան:

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութենէն Անժելինա Սարգիսեան ասմունքեց Գէորգ Էմինէն «Մենք» բանաստեղծութիւնը:

Ասմունքին յաջորդեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիներուն կատարողութեամբ Քոնկ Ֆուի ցուցադրութիւն:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Կարինէ Շատոյեան մեկնաբանեց «Գնա՛ ու կռուիր» երգը:

Շանթ Յարութիւնեան

Շանթ Յարութիւնեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Շանթ Յարութիւնեան, որ շեշտեց, թէ Մայիս 28-ը հպարտութիւն է, որովհետեւ 600 տարուան խաւարէ ետք է, որ հայրենիքին մէջ գերիշխան ապրելու իրաւունքը ձեռք ձգեցինք: «Տեսանք, թէ ինչպէս ազատութիւնն ու անկախութիւնը խօսքերով չէ, որ կը կերտուին, այլ իրաւունքի ուժով ու արեան զոհաբերութեամբ: Թող որ մայիսեան յաղթանակի պատգամը ներշնչման աղբիւր դառնայ մեր ժողովուրդին` ներկայի թէ ապագայի բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու իմաստով»:

Շ. Յարութիւնեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին` հաստատելով, որ համահայկական առաջնային խնդիրը միշտ կը մնայ այսօրուան անկախ հանրապետութեան հզօրացումը, իրաւական պետութեան նուիրագործումը եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը:

«Անկախ եւ հզօր Հայաստանը մեր բոլորին իղձերուն սկիզբն է, մեր լինելութեան երաշխիքը: Ամբողջական Հայաստան ստեղծելու մեր վճռակամութիւնը հաստատ եւ ամուր դիրքերու վրայ պէտք է մնայ: Արամի «Երեւանը չենք դատարկի» կոչը օրին ինչպէս որ ապահովեց մեր անկախացումը եւ օրինակ դարձաւ Արցախի ազատագրութեան կռիւին, նոյնպէս պէտք է վառ մնայ եւ մեկնակէտ դառնայ մեր պատմական բոլոր հողերու ազատագրումին: Այս երթն է, որ պիտի շարունակենք Արեւմտահայաստանի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի մէջ», ըսաւ ան:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն յաղթական ոգիով պարուրուած բազմութեան ներկայացուեցաւ Սարդարապատը մարմնաւորող բուրգ մը` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» եւ «Արաբօ» մասնաճիւղերուն կողմէ:

Ապա զուգերգով հանդէս եկան Գէորգ եւ Հրատ Պեպեճեանները, որոնք կատարեցին «Հնչին զանգեր» երգը:

Յայտագիրի աւարտին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Գէորգ Պեպեճեան, Մանուկ Մինասեան, Կարօ Կապուտակեան, Յարութ Լափաճեան, Լիզա Սվաճեան, Գարմէն Աճեմեան եւ Արարատ Ահարոնեան` ընկերակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի եւ Յակոբ Արապօղլեանի:

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով` կատարողութեամբ փառատօնին մասնակից երգիչներուն եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր», «Զաւարեան» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններու պատանիներուն:

Նշենք, որ կառատան մուտքին մասնակից բազմութեան բաժնուեցան ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի յատուկ հրատարակութիւնը, Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշները եւ Եռագոյն փուչիկներ, իսկ «Իշխան», «Դրօ» եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւններուն կողմէ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն:

Այնճարի Մէջ

Այնճարի մէջ

Այնճարի մէջ

Չորեքշաբթի, 28 մայիս 2014-ի երեկոյեան, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 96-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:

Տօնակատարութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի քայլարշաւ տողանցքով` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներու, գայլիկ-արծուիկներու եւ մոկլիներու եւ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին:

Քայլարշաւը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ Այնճարի ակումբէն եւ տողանցելէ ետք գիւղի փողոցներուն մէջ ուղղուեցաւ դէպի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ տօնակատարութեան պաշտօնական բաժինը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը բացումը կատարեց տօնակատարութեան պաշտօնական բաժինին: Ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Թաշճեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամներ, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, օրուան բանախօս Զոհրապ Ղազարեան, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներ,  մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Քայլերգներուն յաջորդեց ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կողմէ «Սարդարապատ» երգի ներկայացումը:

Տօնակատարութեան բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ  ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Արին Պուրսալեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի անկախութենէն 96 տարիներ ետք հայութիւնը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք կու գան սպառնալու հայկական ֆիզիքական գոյութեան, ազգային ու սրբազան արժէքներու պահպանման եւ հայրենամերձ գաղութներու ամրապնդման, եւ այդ պատճառով ալ մենք պէտք ունինք մեր աննման հերոսներու ամրակուռ վճռակամութեան, որպէսզի հայ ազգը գոյատեւէ ու ընդմիշտ ծաղկի:

Բացման խօսքին յաջորդեց ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան երէցներու «Թուղթ առ Երեւան» ներկայացումը:

Յակոբ Այնթապլեան

Յակոբ Այնթապլեան

Զոհրապ Ղազարեան

Զոհրապ Ղազարեան

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Յակոբ Այնթապլեան իր խօսքին մէջ կոմիտէին զօրակցութիւնը յայտնեց այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնք կը տարուին ի խնդիր Այնճարի ազգային դիմագիծի պահպանման եւ անոր բարգաւաճման համար:

ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կրտսերները ներկայացուցին «Հայաստանը դու ես» երգը:

Օրուան բանախօս Զոհրապ Ղազարեան ըսաւ. «Մայիս 28-ի անկախութեան տօնը մեծագոյն տօնն է, որուն հաւասարազօրը չկայ մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ Մայիս 28-ի շնորհիւ է, որ սահմանագծուեցաւ Հայաստանը եւ կերտուեցաւ հայ քաղաքացին: Անոր առաջին տարեդարձի տօնակատարութեանց խորհուրդին ընդմէջէն բիւրեղացաւ միացեալ Հայաստանի պատգամը, որ եղաւ ազգային-քաղաքական մեր հանգանակը եւ որ դարձաւ ներշնչող տեսլականը իրերայաջորդ սերունդներուն»:

Ան շարունակեց յիշելով Վանի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա լերան, Ուրֆայի, Զէյթունի եւ Սասնոյ հերոսամարտերը եւ անոնց հերոսները, որոնց ազատատենչ ոգին այսօր փոխանցուած է ամէն մէկ հայու:

Բանախօսը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մայր հայրենիքի մէջ մենք տեւաբար փնտռեցինք ամբողջական հայութեան առաջնորդող կռուաններու ամրապնդումը: Սխալած չէինք մեր ակնկալութեան մէջ, ապարդիւն չանցաւ մեր փնտռտուքը: Հայրենիքը այսօր անկախ է եւ որեւէ ժամանակէ աւելի հայկականութեան կռուան է: Կը մնայ իրագործել միացեալ Հայաստանի տեսլականը. այդ օրն ալ կու գայ, վկայ` Ծիծեռնակաբերդի անշէջ հուրը, վկայ` Սարդարապատի բարձրաղօղանջ զանգերը»:

Օրուան պատգամի փոխանցումէն ետք ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Յարութ Լափաճեան, Գարմէն Աճեմեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Վիգէն Տիշչեքենեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին:

Share this Article
CATEGORIES