Տեսակէտ. Հոլլանտի «Միջնորդութեան» Վաղաժամ Վերջալոյսը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3005vahoՖրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 12 մայիսին Երեւան իր այցելութեան ընթացքին առաջադրեց Հայաստանի ընկերակցումը Եւրոպական Միութեան, այլ խօսքով` վերակենդանացումը «թէ՛-թէ՛» կամ «ե՛ւ-ե՛ւ» տարազին, որ 3 սեպտեմբեր 2013-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայէն յայտարարած Մաքսային Միութեան միանալու որոշումով վերջ գտած էր: Հոլլանտ կոչ ուղղեց` այդ ընկերակցութեան համար «խելացի ձեւ մը» գտնելու, սակայն շուրջ տասը օր ետք այդ «միջնորդութեան» յաջողութեան յոյսերը կը թուին գրեթէ չքացած ըլլալ:

Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ Ֆրանսայի Ազգային ճակատը յաղթանակ արձանագրեց եւ, ըստ նախնական տուեալներուն, ապահովեց Ֆրանսայի յատկացուած 74 աթոռներէն 24-ը: Ազգային ճակատի յաղթանակը «քաղաքական երկրաշարժ» մը յառաջացուց եւ մեծ հարուած մը հասցուց ընտրութիւններէն առաջ իսկ Ֆրանսայի 5-րդ հանրապետութեան նուազագոյն ժողովրդականութիւն վայելող նախագահի մրցանիշ հաստատած Հոլլանտին, որուն ղեկավարած Ընկերվարական կուսակցութիւնը այսպիսով մարտի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ տասնեակներով քաղաքապետարաններ կորսնցնելէ ետք, երկու ամսուան ընթացքին իր երկրորդ ընտրական պարտութիւնը կրեց: Մինչ Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փեն շարք մը հրաժարականներ եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի լուծարումը պահանջեց, վարչապետ Մանուէլ Վալս շտապեց յայտարարելու, որ նախագահը պիտի չհրաժարի:

Վերոնշեալ զարգացումին լոյսին տակ քաղաքական գետնի վրայ շատ տկար դիրքի վրայ գտնուող Հոլլանտի ինքնին դժուար եղող միջնորդական առաքելութեան նկատմամբ կարելի չէ մեծ յոյսեր կապել: Թերեւս աւելի յուսալից կը թուի թակել դուռը Գերմանիոյ, ուր իշխող կուսակցութիւնը հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ: Սակայն հարցը այն է, որ ո՛չ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Հոլլանտի նման հայամէտ կեցուածքի տէր անձ մըն է, ո՛չ ալ անոր երկրին մէջ հայկական նկատառելի եւ կազմակերպ համայնք մը գոյութիւն ունի, ընդհակառակն` այդտեղ թուրք համայնքն է, որ աւելի ազդեցիկ է:

Դժբախտաբար, Հոլլանտի «միջնորդութեան» վերջալոյսը անոր այգաբացէն առաջ եկաւ: Զարգացում մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխլրացման քաղաքականութիւնը վերականգնելու փորձին ձախողութիւնը կը նշանակէ: Իւրաքանչիւր ընտրանք ունի իր գինը, եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ կը թուի, թէ կարելի պիտի չըլլայ 3 սեպտեմբերի որոշումին գինը մեղմացնել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES