Հաղորդագրութիւն Թիւ 9

Սուրիոյ ապրած եռամեայ տագնապին բերումով` սուրիահայութեան դժուարութիւնները կը շարունակուին բաւական ծանր պայմաններու մէջ:

Սուրիահայութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերը ընդգրկող Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, իրեն փոխանցուած բոլոր օժանդակութիւնները, միասնականութեան սկզբունքով եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի ուղեցոյցով առաջնորդուելով` գործող հինգ Գործադիր մարմիններուն ճամբով կը տրամադրէ կարիքաւոր ազգակիցներուն` փորձելով թեթեւցնել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Քեսապի պարպումին եւ տեղահանութեան պատճառով, յատկապէս Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած մեր բոլոր հայրենակիցները եւս, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի նիւթաբարոյական օժանդակութեան ներքեւ կը գտնուին:

Այսօր, սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը, յատկապէս Հալէպի, Ծովափի եւ Հոմսի շրջաններուն մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի կը գտնուին նեղութեան ու տագնապի մէջ, որոնց համար մեր հայրենակիցներէն կ՛ակնկալուի նոր աշխուժութեամբ անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնել միմիայն Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինիս, որպէսզի մարմինս շրջաններու կարիքներուն համաձայն, իր տնօրինմամբ կատարէ օժանդակութեան փոխանցումը համապատասխան գործադիրներուն:

Կրկին կը յիշեցնենք Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի դրամատնային հաշուեհամարը.

Bank:  FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
Account Name:  CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE
IBAN #:  LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
Swift Code:  FSAB LBBX
Address:  Catholicossat Armenien De Cilicie
P.O. Box: 70317
Antelias-Lebanon

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Share this Article
CATEGORIES