Հեծելարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ղազախստան

2905cyclingՄասնակցելու համար Ասիոյ հեծելարշաւի մեծերու եւ կրտսերներու ախոյեանութեան` լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ղազախստան:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Նազարէթ Հապիպեան, իսկ ախոյեանութեան կը մասնակցի Բեկոր Եագուպեան (1997-ի ծնունդ), որ պիտի մասնակցի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան (120 քմ):

Նշենք, որ այս առիթով Ղազախստան մեկնած էր նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային հեծելարշաւի համագումարին:

Share this Article
CATEGORIES