Թուրքիա, Ազրպէյճան Եւ Թուրքմենիստան Ստորագրած Են Պաքուի Հռչակագիրը

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարները

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարները

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 26 մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ այդպիսի ձեւաչափով առաջինն է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ հանդիպումին աւարտին կողմերուն միջեւ ստորագրուած է Պաքուի հռչակագիրը: Ան նշած է, որ նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Աշխապատի մէջ:

Ըստ Մամետեարովի, երեք երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կ՛ընդգրկէ հարցերու լայն շրջանակ, ներառեալ` ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, մարդասիրական եւ քաղաքական: Ըստ անոր, երեք երկիրները մտադիր են ստեղծել նաեւ նշուած մարզերը ղեկավարող նախարարներու հանդիպման հաւանական ձեւաչափեր:

Թուրքիա-Ազրպէյճան-Թուրքմենիստան եռակողմ ձեւաչափի ստեղծման մասին 2013-ի վերջաւորութեան յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն:

Ըստ ազրպէյճանական kontakt.az կայքին, ձեւաչափի քննարկման առանցքը եղած է թուրքմենական կազի` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարածքով Եւրոպա տարանցման հարցը, որուն համար Պաքու եւ Աշխապատ պէտք է կարգաւորեն երկկողմ յարաբերութիւնները` ստորգետնեայ ջրային սահմանագծման, վիճելի «Քայափազ» հանքավայրի, ինչպէս նաեւ Անդրկասպեան խողովակաշարի կառուցման հարցին մէջ:

Արդէն կը գործեն նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Վրաստան եւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իրան եռակողմ ձեւաչափերը:

Share this Article
CATEGORIES