Փորոշենքօ. «Ուքրանիան Կազի Գինին Պատճառով Ռուսիայէն Կազ Պիտի Չգնէ»

Փիոթըր Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ նշած է, որ Ուքրանիան բարձր գինի պատճառով Ռուսիայէն կազ պիտի չգնէ եւ ատոր փոխարէն յոյս ունի կազ ստանալ Եւրոպայէն, իսկ բնական հեղուկ կազ` Միացեալ Նահանգներէն:

«Ռուսիա կ՛ուզէ Ուքրանիոյ կազ վաճառել 500 տոլարով: Շատ լաւ, սակայն Ուքրանիան այդ կազը պիտի չգնէ, ատիկա անոր պէտք չէ», ըսած է Փորոշենքօ:

Նախապէս, Ուքրանիոյ խորհրդարանի (Գերագոյն ռատայի) նշանակած ելեւմուտքի նախարար Ալեքսանտր Շլափաք յայտարարած էր, որ Ուքրանիան Ռուսիոյ «ոչինչ պիտի վճարէ», եթէ չհաստատուի նախկին գինին շուրջ համաձայնութիւնը` հազար խորանարդ մեթրի համար 268.5 տոլար:

Share this Article
CATEGORIES