Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Վիեննայի Մէջ Պիտի Մասնակցի Եւրոսթաթի Խորհրդաժողովին Եւ Պիտի Նախագահէ Եւրոմիջերկրականեան Վիճակագրութեան Ժողովներուն
Ընդառաջելով Եւրոսթաթի կողմէ իրեն ուղղուած «Պաշտօնական որակական վիճակագրութեան» խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրին` Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան կիրակի, 1 յունիս 2014-ին պիտի մեկնի Վիեննա:
2-5 յունիս տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին իր բերելիք մասնակցութենէն ետք, դոկտ. Մ. Կիտանեան պիտի նախագահէ վիճակագրութեան Եւրոմիջերկրականեան ընկերակցութեան ժողովներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 5-6 յունիսին:
CATEGORIES Լիբանանեան

