Սօսի Փօլատեան Կը Պարգեւատրուի Մայրիներու «Ասպետ»-ի Աստիճանի Ազգային Շքանշանով
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուրբաթ, 23 մայիս 2014-ին, նախագահական պալատին մէջ պարգեւատրեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի վարչութեան անդամ Սօսի Փօլատեանը` գնահատելով ընկերային մարզին եւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին մէջ անոր ունեցած բեղուն գործունէութիւնը:
Սօսի Փօլատեան Մայրիներու «Ասպետ»-ի աստիճանի ազգային շքանշանով պարգեւատրուեցաւ` նախկին Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի ձեռամբ:
Նշենք, որ Սօսի Փօլատեան 1998-էն, այսինքն` Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմութենէն ի վեր անոր վարչութեան անդամ է. անոր վաստակը մեծ է խորհուրդին մշակած աշխատանքային ծրագիրին, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութիւն ստեղծելու եւ անոնց հետ փոխադարձ խոհրդակցութիւններ կատարելու, կիներուն իրաւունքները պաշտպանելու, լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունք ձեռք ձգելու համար պայքարին, կիներուն դէմ գործուած բռնութիւնները կասեցնելու, անչափահաս աղջիկները կանուխ ամուսնութենէ պաշտպանելու արշաւ մղելու, ինչպէս նաեւ ընկերային մարզի վերաբերող շարք մը այլ ծրագիրներու մէջ:

