Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ժամանեց Լիբանան

Պասիլ եւ Շթայնմայըր

Պասիլ եւ Շթայնմայըր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Շթայնմայըրը, որ միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ երէկ ժամանեց Լիբանան:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը փորձէ ինքզինք չէզոք պահել Սուրիոյ տագնապէն, միաժամանակ իր դռները բաց պահելով սուրիացի գաղթականներուն դիմաց: «Սակայն սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումը այլեւս սկսած է ուղղակի կապ ունենալ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, հետեւաբար Լիբանան կարողութիւնը, չունի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման սպասելու` փոփոխութեան ենթարկել կարենալու համար սուրիացի գաղթականները բաց դռներով հիւրընկալելու իր քաղաքականութիւնը», ընդգծեց Պասիլ:

Պասիլ շեշտեց, որ այս ընթացքով Լիբանանի քայքայումը անխուսափելի է եւ անիկա իր հետեւանքները պիտի ունենայ Եւրոպայի եւ շրջանին վրայ:

Ան անհրաժեշտ նկատեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ սուրիական գաղթակայաններ ստեղծելու դրութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանած սուրիացի բոլոր գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց երկիրը:

Իր կարգին, Շթայնմայըր շեշտեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու Գերմանիոյ պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Գերմանիա սուրիացի գաղթականներուն համար տրամադրած իր 100 միլիոն եւրոյի պիւտճէն բարձրացուցած է 500 միլիոն եւրոյով` շեշտելով, որ Գերմանիա պատրաստ է 30 հազար սուրիացի գաղթական հիւրընկալելու:

Ան հաստատեց, որ Պերլին Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ խոր յարգանք կը տածէ:

Շթայնմայըր այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, պիտի այցելէ Պեքաայի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի յանձնակատար Նինեթ Քելլի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES