Սուրիական Դեսպանատան Մէջ . Լիբանան Ապաստանած Հարիւր Հազարաւոր Սուրիացիներ Մասնակցեցան Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն
Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 մայիս 2014-ին, Լիբանան ապաստանած հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ ուղղուեցան սուրիական դեսպանատուն, ուր քուէարկեցին` ընտրելու համար իրենց հանրապետութեան յաջորդ նախագահը:
Նախանցեալ օր եւ երէկ մինչեւ կէս գիշեր քուէարկութիւնը շարունակուեցաւ` Լիբանանի մէջ ստեղծելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ յայտնեց, որ դեսպանատան մէջ քուէարկած են մեծ թիւով սուրիացի քաղաքացիներ` աւելցնելով սակայն, որ քուէարկող քաղաքացիներուն պաշտօնական թիւը պիտի յայտարարուի Դամասկոսէն:
Ալի շեշտեց, որ դեսպանատան մէջ քուէարկող սուրիացիներուն կողմէ կարեւոր պատգամ մը փոխանցուած է ամբողջ աշխարհին: «Այդ պատգամն է այն, որ սուրիացիները անակնկալի բերին բոլորը` իրենց երկրին նկատմամբ իրենց կառչածութիւնը ամրապնդելով: Անոնք հաստատեցին, որ օտարութեան, վախի եւ ապահովութեան կարիքի իրենց զգացումը շեշտուած էր, երբ անոնք Սուրիայէն հեռու էին: Սուրիացի ժողովուրդը քաջ կը գիտակցի, որ իր բնակարանները եւ երկրին ենթակառոյցը քանդող ահաբեկիչները իրենց հեղինակութիւնները չեն կրնար ըլլալ: Հետեւաբար անոնք խիտ շարքերով մասնակցեցան ընտրութիւններուն եւ քուէարկեցին ի նպաստ անոր, որ պաշտպանեց Սուրիոյ գերիշխանութիւնը. անոնք կ՛ընտրեն բանակը, կ՛ընտրեն Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, կ՛ընտրեն իրենց կորսնցուցած ապահովութիւնն ու կայունութիւնը` տապալելու համար Սուրիան հարուածող ահաբեկչութիւնը», ըսաւ ան:
Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ քաղաքացիները այս ընտրութիւնը կը նկատեն դէպի Սուրիա վերադարձի ճամբուն կամրջումը:
Նշենք, որ 3 յունիսին, այսինքն` Սուրիոյ նախագահական ընտրութեանց բուն օրուան ընթացքին, քուէատուփեր պիտի զետեղուին նաեւ սուրիական սահմաններուն վրայ, որպէսզի հոն քուէարկեն անոնք, որոնք չկրցան մասնակցիլ դեսպանատան քուէարկութեան:

