Շապին Գարահիսարի Եկեղեցւոյ Վերակառուցումը Կիսատ Մնացած Է

2905ShabinkarahisarTert.am կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Կիրեսուն (Շապին Գարահիսար) նահանգի բնութիւնն ու պատմական արժէքները մէկ առ մէկ կը բացայայտուին, եւ այդտեղ այցելողները կը դժգոհին, որ Շապին Գարահիսարի բերդին մօտ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին չի վերակառուցուիր եւ չի բացուիր զբօսաշրջական նպատակներով:

Վերջին շրջանին Շապին Գարահիսարի մէջ վերակառուցման աշխատանքներ շատ տեղի կ՛ունենան, սակայն բերդին մօտ գտնուող եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները կիսատ մնացած են` նիւթական խնդիրներու պատճառով:

Եկեղեցւոյ դուռը փակ է, եւ այցելուները չեն կրնար զայն տեսնել:

Տեղացիներն ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկները այժմ աւելի յաճախ կ՛այցելեն Շապին Գարահիսար, սակայն եկեղեցւոյ դուռը փակ կը տեսնեն, ինչ որ բացասական արձագանգի կ՛արժանանայ:

Նախկին նահանգապետ Տուրսուն Ալի Շահինի ղեկավարման տարիներուն աշխատանքներ սկսած են, եւ ներսի մասի վերանորոգման աշխատանքը աւարտին հասցուած է, սակայն դուրսի հատուածին վերանորոգումը նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառաբանութեամբ չէ իրականացուած: Տակաւին չեն սկսած նաեւ եկեղեցւոյ շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքները:

Շապին Գարահիսարի թանգարաններու տնօրէնութիւնը բացատրած է, որ եկեղեցւոյ փակ դռները երբեմն կը վերաբացուին զբօսաշրջիկներու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES