Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ. Փութին. «Հայաստան Ամէնէն Մօտիկ Ապագային Պիտի Միանայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան»

6554_bՔրեմլինի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա, Պիելոռուսիա եւ Ղազախստան երէկ Ասթանայի մէջ ստորագրած են Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-ին: Փաստաթուղթը Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին ստորագրած են երեք երկիրներու նախագահները` Վլատիմիր Փութին, Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ:

Փաստաթուղթին շուրջ աշխատանքը սկսած էր 2011-ի նոյեմբերին` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի առաջին վեհաժողովին: Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները այդ ժամանակ ընդունած էին եւրասիական տնտեսական համարկման մասին հռչակագիրը, որ դարձած էր համարկման համար փոխադարձ գործակցութեան զարգացման իւրայատուկ «ճամբու քարտէս»:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ երէկ համաձայնագիրին ստորագրումէն առաջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ասթանայի մէջ առաջարկած է Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը ստորագրել մինչեւ 15 յունիս:

Ան Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ համապատասխան փաստաթուղթի նախագիծը արդէն պատրաստ է:

«Կը խնդրեմ ժամկէտ ճշդել մինչեւ ընթացիկ տարուան 15 յունիսը Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրին միանալու մասին համաձայնագիրի ստորագրման համար», ըսած է ան` նշելով. «Երկու-երեք օրուան ընթացքին կարելի է գոյութիւն ունեցող հարցերուն շուրջ փոխընդունելի լուծումներ գտնել»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փութին յայտնած է, որ նիստին ընթացքին կողմերը քննարկած են Եւրասիական միութեան մասնակիցներու թիւը աւելցնելու հարցը եւ խօսած համաձայնագիրին Հայաստանի անդամակցութեան մասին:

Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Այդ փաստաթուղթը անհրաժեշտ է հաստատել եւ ստորագրել ամէնէն մօտ ապագային: Հայկական կողմը կը փափաքէր ատիկա ընել յունիսին, ինչին մենք ընդհանուր առմամբ համաձայն ենք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES