Երեւանի Մէջ Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովին
Երէկ գիշեր Երեւանի մէջ կատարուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ էին նաեւ հայրենի արուեստագէտներ, մտաւորականներ:
Ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր Երեւանի պետական համալսարանին հետ, ինչպէս նաեւ գործակցութեան յուշագիր` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Այսօր իր աշխատանքներուն սկսող ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 80 պատուիրակներ աշխարհի 15 երկիրներէ:
Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս Պատգամաւորական ժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 1 յունիս, պիտի ուղենշէ համահայկական այս կառոյցին յառաջիկայ չորս տարիներու գործունէութեան ուղղութիւնները, աշխատանքները եւ ծրագիրները:

