«Սարդարապատի Մէջ Հայերը Վաստկեցան Ապրելու Եւ Միջազգային Քաղաքական Ասպարէզ Վերադառնալու Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց: Տօնակատարութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան ընդունեց պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը, հանդիսութեան մասնակիցներուն հետ դիտեց տօնին առիթով կազմակերպուած մշակութային կատարումը:
Տօնակատարութենէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան, ուր տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան տօնին առիթով կազմակերպուած պարգեւատրման արարողութիւնը:
Հանրապետութեան տօնին առիթով պետական պարգեւներ եւ կոչումներ շնորհուեցան գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակութային, արուեստի եւ մարմնակրթական մարզերու մէջ սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի խումբ մը զինուորներու: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց պարգեւատրեալները Հանրապետութեան տօնին ու պետական բարձր պարգեւներու եւ կոչումներու արժանանալու առիթով եւ պարգեւատրման մասնակիցներուն յանձնեց պարգեւներ:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ ունի` տրուած ըլլալով, որ կ՛ընդգծուի հայ ժողովուրդի տարբեր սերունդներու կապը եւ ժառանգութիւնը: Նախագահը նշեց, որ ասով կը շեշտուի, որ բոլորին կատարած գործը նոյն ուղեծիրին մէջ է եւ ատիկա հայոց պետականութիւնն է, անոր պատմութիւնը եւ ներկան: «Զինուորականը, ուսուցիչը, գիտնականը, արուեստագէտը, բժիշկը մենք բոլորս մէկ ուղեծիրով ենք, որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան այս առիթով նաեւ հայ ժողովուրդին ուղղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Եթէ մայիսեան հերոսամարտերում եւ մանաւանդ Սարդարապատում հայերը պարտուէին, ապա թուրքական զօրքերն անարգել մտնում էին Էջմիածին եւ Երեւան: Եթէ այդքանից յետոյ աշխարհի երեսին մնար հայ պատմաբան, ապա նա առանց մեծ դժուարութեան կարող էր հիմնաւորել, որ հայերի յաղթանակը առարկայականօրէն անհնար էր: Բոլոր փաստերը եւ ողջ իրականութիւնը կարծես մեր դէմ էին, բայց մենք փրկուեցինք այստեղ: Ինքներս վաստակեցինք ապրելու եւ միջազգային քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու իրաւունքը»:

