Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հաւանաբար վէճ մը ունենաք ձեր շրջանակին մէջ, ուրեմն ուշադիր եղէք, որ ձեր խօսակցութիւնը ձեր շրջանակին մէջ ըլլայ մեղմ եւ անվնաս:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրիշներու այցելելէ առաջ այսօր պիտի փափաքիք այցելել ձեր ընտանիքին անդամներուն, որոնց հետ հաճելի ժամեր պիտի ապրիք: Յարգեցէք հարազատութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական հարց մը պիտի ունենաք, իրար անցնելու պէտք չունիք: Մնացէք հանդարտ, որովհետեւ կրնաք հարցը լուծել առանց դժուարութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր որոշումին վրայ հաստատ մնալը այնքան ալ ձեռնտու չէ: Ականջ տուէք խորհուրդ տուողի մը, որմէ կրնաք օգտուիլ: Մի՛ յամառիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը զգայուն էք, կը մնաք յուզական տրամադրութեամբ: Դուրս ելէք այս տրամադրութենէն, միացէք զուարթ եւ կատակասէր բարեկամներու: Կը փոխուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մէկ կողմ դրէք սովորական աշխատանքները եւ վայելեցէք շաբաթավերջը ձեր սիրած անձերով, ընկերներով: Խնճոյք մը կազմակերպեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հիմա ժամանակը չէ կասկածելու, թէ չէք կրնար յառաջանալ: Այս մտածումը վանեցէք ձեր մտքէն, որովհետեւ միշտ կրնաք յառաջդիմել որեւէ ատեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մասնակցեցէք բարեսիրական գործունէութեան: Տալը միշտ լաւ է: Կը ստանաք անպայման հոգեկան թէ բարոյական փոխարժէքը: Իմաստուն եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ յուսալքուածի տրամադրութիւն ունիք, մի՛ արտայայտէք, որպէսզի ձեր այդ անյոյս կեցուածքը չփոխանցուի ձեր շուրջիններուն: Տրտմելու կարիք չկայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործած սխալը ուրիշներուն վրայ մի՛ ձգէք: Անկեղծ եղէք, կրնաք ձեր վարկը բարձրացնել: Ուշադիր եղէք ձեր վերաբերումին: Օրը բարի է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը ձախող է դժբախտաբար: Տխուր տրամադրութիւն, առողջութեան հարց: Պատահական բաներ են, քաջաբար դիմադրեցէք եւ ձեզմէ վանեցէք այս ծուռ օրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարզանք ըրէք, որպէսզի վերագտնէք ձեր կայտառ վիճակը: Աշխատանքը նոյնպէս կրնայ ամոքել ձեր մտահոգութիւնը: Եթէ ձեր կշիռքը բարձր է, կը նուազի եւ աւելի հանգիստ կը զգաք:

