50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1964)

Խմբագրական

Պատանեկան Միութեան
Քառասնամեակը

Կիրակի, 31 մայիսին պիտի տօնուի Լիբանանի պատանեկան միութեանց քառասնամեակը` փառաշուք հանդիսութեամբ: Այս առթիւ կազմուած յոբելենական Կեդրոնական յանձնախումբը ամիսէ մը ի վեր բուռն թափով աշխատանքի լծուած է` առաւելագոյն փայլք տալու համար այս հանդիսութեան, որ նոյն ատեն պիտի հանդիսանայ ՀՅ դաշնակցութեան պատանեկան շարքերուն ուղղուած ջերմ խօսքերու հրապարակային առիթ մը, ինչպէս նաեւ չորս տասնամեակներու ընթացքին պատանեկան շարժումի վերելքին ու ծաւալման անձնուիրաբար աշխատած խոնարհ ընկերներու զոհողութիւնները շեշտելու ելոյթ մը:

Պատանեկան միութիւնները, որոնք Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր մեր կազմակերպութիւնը իր ծաւալուն ցանցերով գործօն եւ կենսական մասնակցութիւն կը բերէ հայ կեանքին, կը հանդիսանան այն դարբնոցները, ուր հայ պատանիին կամքը կը կռանուի, հոգին կ՛ազնուանայ, միտքը կը պայծառանայ ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է` կը կերտուի նկարագիրը` ամուր, հաւատքը` անխորտակ, հայրենասիրութիւնը` վսեմ:

ՀՅ դաշնակցութեան շարքերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պատանեկան միութեանց շարքերէն անցած է: Հոն է, որ կը պատրաստուի ապագայի դաշնակցականը` հայրենիքին եւ հայութեան ծառայելու վճռակամութեամբ:

Սփիւռքի տարածքին, տարահալած հայութեան ապագան կախում ունի այն պատրաստակամութենէն, որ նոր սերունդը եւ գալիք սերունդները ցոյց պիտի տան հանդէպ հայ ժողովուրդի հոգին փոթորկող եւ միտքը խռովող հարցերուն, հայկական դատին, Հայաստանի անկախութեան եւ հայութեան ազատ ու անկաշկանդ կեանքին, իր ընդարձակուած ու միացեալ հայրենիքի սահմաններուն մէջ:

Այդ աշխատանքին է, որ լծուած է ՀՅ դաշնակցութիւնը իր պատանիներու հսկայ բանակով, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ գաղափարական երիտասարդութիւնը միայն կրնայ տէր կանգնիլ մեր արդար դատին, որուն արիւնագիր մուրհակը տակաւին անվճար կը մնայ:

Պատանիները գուցէ խորապէս չանդրադառնան իրենց դերին, որ իրենց միութիւնը կոչուած է կատարելու նոր սերունդի գաղափարական եւ ազգային դաստիարակութեան գործին մէջ: Իրենց համար առ այժմ խանդավառութիւնը կը բաւէ: Ու խանդավառութիւնը ակնաղբիւրն է երիտասարդական ամէն շարժումներու, որոնք հետզհետէ ծաւալ կը ստանան կազմելու համար ժողովուրդի մը հաւաքական կամքը` իր ընդհանրական հարցերու եւ մտահոգութիւններու իրագործման ճամբուն վրայ:

Ինչ որ կատարուած է ցարդ` պատկառանքի արժանի գործ է, որուն յաջողութեան իրենց քրտինքը խառնեցին եկող ու գացող բոլոր վարիչները, որոնք անձնուիրաբար ստանձնեցին պատանիներու գաղափարական դաստիարակութիւնը, յաճախ դժուարին պայմաններու ներքեւ, միշտ շուքի մէջ մնալով:

Այդ համեստ մշակներուն, այդ անխոնջ սպասարկուներուն օրն է այսօր: Անոնցն է այսօր արդար գոհունակութիւնը խոնարհներու, որոնք գործին փարեցան առանց որեւէ ակնկալութեան` զոհելով իրենց անձնական հաճոյքն ու նախասիրութիւնները:

Այս հանդիսաւոր առիթով, մեր խօսքը ուղղելով գաղափարապաշտ պատանիներուն, որոնք պիտի կազմեն անձնուրացներու վաղուան փաղանգը, պայծառ մտքով եւ խոր հաւատքով կը յայտնենք, թէ իրենց է ապագան, ու այդ ապագան պիտի ըլլայ այնքան փայլուն ու լուսաւոր, որքան վառ է իրենց մէջ այս ազնուական ժողովուրդին ծառայելու, անոր համար զոհուելու գաղափարը:

Այս հաւատքով կ՛ողջունենք պատանեկան միութեանց քառասնամեակը` նոր նուաճումներու մաղթանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES