Ազգային Ոգի Ներարկող Հայրը (Մարտիրոս Աղազարեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
«Որդիս, քեզ ի՞նչ կտակեմ, ի՞նչ կտակեմ, իմ բալիկ,
Որ ինձ յիշես վշտի մէջ, թէ խինդի մէջ քո գալիք.
Քեզ Մասիսն եմ կտակում, որ դու պահես յաւիտեան,
Որպէս լեզուն մեր հայոց, որպէս սիւնը քո հօր տան»:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
1915-ի հայոց ջարդերէն ճողոպրած սերունդը սփիւռքի տարածքին գոյատեւման պայքար մղեց ի խնդիր հայ ժողովուրդի ապագային: Անուրանալի է այդ սերունդին աննկուն կամքը ու հաստատուն հաւատքը` ազգային ոգի ու շունչ ներարկելու, հայաբոյր ընտանիք կազմելու եւ հայախօսութիւնը առաջնահերթութիւն նկատելու նուիրական առաքելութեան մէջ: Յիշարժան է, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծնունդ առած այդ սերունդը անուս մարդիկ էին ընդհանրապէս, բայց ազգային ոգին եւ հայօրէն գոյատեւելու կամքը շատ ուժեղ էր անոնց մօտ:
Այդ սերունդին մեկնումով մեր գաղութներուն վիճակը առհասարակ կը դառնայ մտահոգիչ, որովհետեւ հայախօսութիւնը կը նուազի: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ համաշխարհայնացման գործօնը, որ իր ապազգային նպատակով սերունդներ պիտի փճացնէ:
Այս մտորումներով ուզեցի արժեւորել մեր երէց սերունդի բոլոր հայրերն ու մայրերը, որոնց շարքին նաեւ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ բաժնուած, Իսկենտէրունի Քըրքխան քաղաքի ծնունդ հայ մը եւ հայր մը` Մարտիրոս Աղազարեանը, որուն պարզ, սակայն խօսուն կեանքը հարկ է լուսարձակի տակ առնել:
1939-ին իբրեւ գաղթական հասած է Հալէպ, ապա Պէյրութ, ուր բազմաթիւ դժուարութիւններէ ետք տիրացած է դերձակութեան արհեստին: Ան ընտանիք կազմած է եւ մեր ազգին պարգեւած չորս զաւակներ:
Իր կեանքի բնորոշիչ յատկանիշերն են աշխատասիրութիւնը, ազգային ոգիի փոխանցումը իր զաւակներուն` ազգային վարժարան եւ միութենական ու եկեղեցական կառոյցներ առաջնորդելով զանոնք:
Լուսարձակի տակ կ՛առնեմ հետաքրքրական դրուագ մը` որպէս յուշ եւ նոր սերունդի զաւակներուն որպէս խօսուն օրինակ: Վերջին տարիներուն, երբ արհեստագիտութիւնը իր սրընթաց արագութեամբ մեր տուները մուտք գործեց, մենք ալ ուզեցինք մեր հայրը ուրախացնել արբանեակային կայաններով օժտելով հեռատեսիլը: Երբ հարցուցինք իր նախասիրութիւնը ան կտրուկ ձեւով պատասխանեց, թէ բոլոր հայկական կայանները կը նախընտրէ դիտել: Ան գուցէ այդպիսով լուռ պատգամ կ՛ուզէր փոխանցել բոլոր այն հայերուն , որոնք կը նախընտրէին թրքական կայաններ դիտել այլեւայլ եւ անհեթեթ պատճառներով:
Հայաստանէն հեռու, բայց միշտ հայրենի հողին կարօտով ապրեցաւ եւ իր ծննդավայրին յիշատակներով տոգորեց իր ընտանիքը, հարազատներն ու բարեկամները, որոնք կը սգան այսօր իր կորուստը:
Սիրելի՛ հայրիկ, հանգիստ ննջէ, պիտի շարունակենք քու գծած ուղիդ:
Հանգիստ քու յոգնաբեկ ոսկորներուդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
Կ. Ա.

