Պասքեթպոլ. 1998-ի Ծնունդ Տղաքը Հրաւիրուեցան Յատուկ Փորձերու

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ բոլոր այն ակումբները, որոնք ունին 1998-ի ծնունդ (տղաք) շատ լաւ մարզիկներ, ազգային խումբին միանալու նպատակով պէտք է մասնակցին յատուկ փորձերու` հսկողութեամբ մարզիչ Ճօ Մըժահեսի: Ան լաւագոյնները պիտի ընտրէ, կազմելու համար Լիբանանի ազգային խումբը:

Այդ յատուկ փորձերը տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 31 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES