2014-ի Մոնտիալ. Վան Տեր Վաարթ Պիտի Բացակայի Հոլանտայի Կազմէն
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի 31 տարեկան միջնապահ Ռաֆայել Վան տեր Վաարթ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին, կը յայտնէ NUSport.com:
Հոլանտա, որ իր մարզիչին` Լուիս Վան Կաալի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Փորթուգալի մէջ, կորսնցուց Վան տեր Վաարթը, երբ ան մարզուելու ընթացքին մկանային վնասուածք ստացաւ: Ան Հոլանտայի շապիկը կրած է 109 անգամ:
Նշենք, որ Մոնտիալի Ա. հանգրուանին Հոլանտայի մրցակիցները պիտի ըլլան` Սպանիա, Չիլի եւ Աւստրալիա:
CATEGORIES Մարզական

