Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – Սաժես Պէյրութ` 1-0

PROFOTO

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, Ռիատի Պէյրութ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Սաժես Պէյրութի վրայ, երբ իր դաշտին` Մանարայի մէջ 78-68 արդիւնքով (20-9, 31-31, 51-49 եւ 78-68) յաղթանակ մը արձանագրեց:

Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լորըն Վուտծ (19 կէտ եւ 7 ռիպաունտ), իսկ Սաժեսէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 17 կէտ:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, Ղազիրի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES