Ճատրակ. Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Նեպիլ Պատըր Այսօր Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր, այսօր` ուրբաթ, 30 մայիսին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը (երեկոյեան ժամը 18:00-ին), որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի 2-րդ խաղերուն` նկատի ունենալով, որ այդ խաղերուն հիւրընկալ երկիրն է Լիբանան:
Այս խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ պանդոկին մէջ, պիտի սկսին այսօր եւ պիտի աւարտին 9 յունիսին:
CATEGORIES Մարզական

