Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը` Նախարար Հըննաուիի Մօտ

2905hennawi

PROFOTO

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ անոր նախագահին` Ուալիտ Նասսարի: Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ Ճորճ Սապունճեան, ինչպէս նաեւ` Նիզար Ռաուաս, Նատեր Պասմէ, Հատի Ղըմրաուի, Ռոժէ Աշքութի, Նեզիհ Պուժի եւ Ռամի Ֆաուազ:

Պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը նախարարին հետ այս մարզը յուզող հարցեր քննարկելէ ետք, հանդիպումին աւարտին անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը` ֆետերասիոնին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES