ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՓԱԹՐԻՔ ԱՍՍԱՖԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄԻՐԷՅ ՊՈՅԱՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի անուան մրցաշարքը` յաջորդաբար եօթներորդ տարին ըլլալով:
Մրցաշարքը եղաւ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 328 խաղացողներ` տարբեր դասակարգերու մէջ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Միրէյ Պոյաճեան հանդիսացաւ երկրորդ` իր դասակարգին մէջ (կրտսերներ):
Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը բերելով զոյգի մրցումներուն Մարիա Քրիսթինա Սըմաանի հետ (Ժամհուր) հանդիսացաւ երրորդ:
CATEGORIES Մարզական


