ՃԱՏՐԱԿ. ԹԱՆՄԻԷ ԱԿՈՒՄԲԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԺԻՐԱՅՐ ՕԳՆԱՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐՐՈՐԴ
Կազմակերպութեամբ Թանմիէ ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը` վերոնշեալ ակումբին մէջ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերող 18 ճատրակ խաղացողներուն կարգին էր Ժիրայր Օգնայեան, որ 4,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ: Նոյնքան կէտ ապահովելով 2-րդ հանդիսացաւ Թարեք Մըտալլալ, իսկ առաջին դիրքը 5,5 կէտով (առաւելագոյն վեց կէտէն) գրաւեց Իպրահիմ Շահրուր:
CATEGORIES Մարզական