Մամուլի Արտակարգ Լուսաւոր Դէմք Մըն Էր Հերի Գունտաքճեանը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

P15Ապրիլ 22-ին, Լոս Անճելըս, համակարգիչիս առջեւ նստած` չկարդացուելու սարսափով, հայերէնով մտորումներս կը գրէի: Անցեալին կ՛ըսէինք` թուղթին կը յանձնէի:

Հեռաձայնով գուժեցին Հերիի մահը:

Հերին դիտելու, տեսնելու արտակարգ «ուշիմութեամբ» օժտուած էր: Դէպքեր եւ ժամանակ կը բռնէր իր աչքոսպնեակով: Հաւանօրէն Հերին ՄիջինԱրեւելքի մամուլի իսկական առաջին լուսանկարիչն էր: Ան իր կաղնիի յաղթ հասակով եւ վիզէն կախուած լուսանկարչական սարքով ներկայ էր ամէն տեղ, ուր հայութիւն կը բաբախէր. ապրիլեան ցոյցեր, հայկական թերթերու դէմ բացուած դատավարութիւններ, կաթողիկոսական օծում, հայ երիտասարդներու հրթիռ հնարել ու արձակելու գիտական նուաճումներ, նաեւ «Բագին» գրական հանդէսի ընթերցման հանդիպումներ:

Հայկական շրջանակներու մէջ իր ներկայութիւնը սիրոյ գործ էր:

Հերին գիտցաւ հորիզոններ նուաճել, Լիբանանէն դուրս նաեւ, Պանկլատէշ եւ Քենիա, ողողումներ եւ թագուհիի այցելութիւն, Արեւմտահայաստանի (այժմ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ) երկրաշարժ: Կ՛ըսեն, թէ Արարատը «միւս կողմէն» դիտուած գեղեցիկ չէ: Հերիին ոսպնեակով Արարատը պահած էր նոյն վեհապանծ աստուածաշնչական գեղեցկութիւնը եւ երազ թելադրող պատկերը, դիտուած Արեւմտահայաստանէն, քանի որ Հերիի աչքը ապրում ունեցող հայու կրակ ունէր: Մամուլի լուսանկարիչին աշխարհը մեծ է եւ արկածախնդրական, մանաւանդ երբ կը գտնուի «կրակի գիծ»-ին վրայ կամ աղէտի շրջաններուն մէջ:

Հերին Պանկլատէշ գացած էր այդ երկրին մէջ տեղի ունեցած ողողումներուն առիթով: Նկարելու պահուն ուղղաթիռէն ինկած էր եւ անվնաս դուրս եկած էր արկածախնդրութենէն: Անգլիոյ թագուհիին Քինիա այցելութեան առիթով հոն գտնուած էր, նկարելու համար պատշգամ մը բարձրացած էր, եւ պատշգամը փուլ եկած էր: Հերին հայկական մամուլին կը գործակցէր անխտի՛ր, օժանդակելու համար, ինչպէս սովորութիւն է ըսել` հայրենասիրութեամբ: Ինք միջազգային մամլոյ գործակալութեան, Associated Press-ի աշխատակից էր:

Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման յիսնամեակի ձեռնարկներու ընթացքին տեւաբար ներկայ էր Հերին: Իր ծանօթութիւններով ան կարելի դարձուց օտար լրագրողներու եւ միջազգային լրատու գործակալութիւններու հետ կապերու հաստատումը: Այն օրերուն ներկայի համացանցային դիւրութիւնները չկային: Հայկական թերթերու դէմ Թուրքիոյ կողմէ յարուցուած դատավարութեան եւ վճիռին լուրը միասին խմբագրեցինք, եւ լուսանկարները, իր գործակալութեան միջոցով, կարելի եղաւ անմիջապէս հասցնել աշխարհի հեռու եւ մօտ տեղերը, «ռատիօֆոթօ»-ով, քանի որ գործակալութիւնը ամէնուրեք գրասենեակներ ունէր: Հպարտ էր, երբ շատ կարճ ժամանակ ետք իմացուցին, որ ստացած էին լուրը:

Պէյրութի մէջ, երբ Համազգայինը կը կազմակերպէր երաժշտական եւ գեղանկարչական հանդիսութիւններ, Հերին օտար մամուլին մէջ արձագանգելու անփոխարինելի օղակ էր: Երբ «Վասպուրական» վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Րաֆֆի Արզումանեանի նուագահանդէսը, տեղւոյն Jeunesses Musicales-ի համագործակցութեամբ, նոյն օրն իսկ, իր միջոցաւ թերթերը արձագանգեցին: Նոյն սրահին մէջ, նկարչական ցուցահանդէսին առիթով Հերին համալիբանանեան արձագանգ ապահովեց: Մամուլի շրջանակներուն մէջ սիրուած անձ էր, ոչ ոք զինք կրնար մերժել, քանի որ ինք սրտբացութեամբ կը գործակցէր բոլորին հետ:

Վերջին տասնամեակներուն Հերին պաշտօնով հաստատուած էր Նիւ Եորք, կ՛աշխատէր լրատու գործակալութեան կեդրոնական գրասենեակը: Հոնկէ նաեւ, հայկական մամուլին կը բերէր իր անսակարկ աջակցութիւնը:

Քանի մը ամիս առաջ, Պէյրութ, «Վըրճին»  վաճառատունէն գնեցինք Հայկազեան համալսարանի (երբ ան դեռ քոլեճ էր) ուսուցիչներու եւ ուսանողութեան հրթիռ պատրաստել ու արձակելու մասին պատրաստուած ժապաւէնի խտասալիկը: Ժապաւէնին մէջ էր Հերին, իր խանդավառութեամբ եւ կեանքով լի երիտասարդութեամբ:

Հաւանօրէն ուրիշներ յաւելեալ մանրամասնութիւններով պիտի անդրադառնան Հերիի կեանքին եւ գործին: Այս տողերը լաւ ընկերոջ մը մասին սրտի վկայութիւն են, եւ կ՛ուզեմ, որ իր հայկականութեան զօրավիգ կեանքի ընկերուհին` Այտան, այդպէս ալ կարդայ այս տողերը, գիտնալու համար, որ յուզումով կը բաժնենք Հերիի անհետացման ցաւը:

Նման պարագաներու միշտ կը յիշեմ Ռուբէնի խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ Արտամէտի խնձորին համը ուրիշ է, նոյնիսկ երբ անոր մէջ որդ ինկած ըլլայ, ան հայ եւ միջազգային մամուլի Արտամէտի խնձորն էր:…

 

 

Share this Article
CATEGORIES