Հերի Գունտաքճեանի Անմար Յիշատակին. Լուսանկարչութեան Ջահակիր Ասպետը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

harryb-SK21 ապրիլ 2014-ին ամերիկեան Մանհաթըն հասաւ գոյժը: Հայրենի թէ տարասփիւռ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային թէ միջազգային մամուլն ու լսողատեսողական մարզը կորսնցուցած էին իր ասպարէզին հմուտ «վարպետ դիտորդ» մը, որ իր պատգամը կը փոխանցէր իր ճկուն ոսպնեակին ընդմէջէն:

Յարութիւն Լ. Գունտաքճեան, ծանօթ Հերի անունով,  ծնած էր Սուրիա ու փոքր տարիքէն տեղափոխուած Լիբանան: 22 տարեկանին ան արդէն սկսած էր ծանօթ դէմք դառնալ տեղական մամուլի շրջանակներուն մէջ` սկսելով ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան լը Ժուր»-էն մինչեւ արաբական, ապա  միջազգային մամուլը` «Փարի Մաչ», «Ֆրանս Սուար», «Լայֆ», «Թայմ» ու լրատուական գործակալութիւններ` «Ասոշիէյթըտ փրէս», որուն պաշտօնական ներկայացուցիչը նշանակուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ 1966-էն սկսեալ մինչեւ իր հանգստեան կոչումը: Լուսանկարչական իր բացառիկ «հոտառութեամբ» Հերի Գունտաքճեան կարճ ժամանակէն կրցաւ պարբերաթերթերու կողքի նկարներ հայթայթել ու դառնալ «փնտռուած» լուսանկարիչ մը:

Քանի մը տարի առաջ այցելեց Լիբանան ու «Ազդակ»-ի մէջ մեր հանդիպումը հաճելի առիթ մը եղաւ մտերմիկ զրոյցի մը: Թէեւ իր մասին շատ բան լսած էի, բայց առաջին անգամն էր, որ զինք անձամբ կը տեսնէի, սակայն ինք կարծէք տարիներու բարեկամ էր եւ ամենայն պարզութեամբ ու համեստութեամբ «պատմեց» լուսանկարչական իր ասպարէզի արկածախնդրութիւնները:  Լուսանկարչութեան հանդէպ իր սէրը կու գար փոքր տարիքէն, երբ մայրը վեց տարեկան Հերիի տարեդարձին առիթով անոր  նուիրած էր լուսանկարչական գործիք մը, որուն հետ սակայն իր սկսած «պատմութիւն»-ը շարունակուեցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջը ու աւելին` նոյնիսկ անդի աշխարհին մէջ: Պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ Եգիպտոսի փարաւոնները կը թաղուէին իրենց նախասիրած առարկաներուն հետ: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ լուսանկարչութեան այս հայազգի մերօրեայ «փարաւոնը» իր կարգին նման փափաք ունէր, երբ լուսանկարչական ասպարէզին հետ իր սերտ կապը արտայայտելով ըսած էր. «Լուսանկարչական գործիքս միշտ վիզէս կախեալ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ մահէս ետք»: Հերի Գունտաքճեան արժանացած է բազմաթիւ տեղական, շրջանային թէ միջազգային  մրցանակներու` պատկառելի հաստատութեանց կողմէ: Զինք դրուատող շատ մելան հոսած է եւ «լսած» է գնահատական բազմաթիւ արտայայտութիւններ, որոնցմէ նշանաւորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառէն, որ նաեւ զինք պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Իր առասպելական «ճամբորդութիւնը» լուսանկարչական մարզին հետ մեկնարկած էր Լիբանանի պատերազմական թոհուբոհին մէջ, երբ կը պատահէր որ բացառիկ նկար մը «որսալը» կ՛իրականանար մահուան գնով, ինչպէս էր դարձեալ հայազգի հանրածանօթ լուսանկարիչ Ճորճ Սէմերճեանի պարագան: Ան գիտէր «հաւը ուրկէ ուտել», ինչպէս կը կատակէր ան իր մտերմիկ զրոյցին մէջ: «Չի բաւեր նկարը դիտել մակերեսային կերպով, պէտք է կարենալ թափանցել նկարին փոխանցած պատգամին խորքը ու հո՛ն է լուսանկարիչին վարպետութիւնը, երբ նկարին ընդմէջէն կը փոխանցէ ամբողջ դէպքին իմաստը», կ՛ըսէր ան: Հմուտ լուսանկարիչի իր համբաւը զինք յաճախակի, եթէ ոչ մնայուն, ընկերակից դարձուցած էր շրջանային թէ միջազգային կարեւոր դէպքերու եւ դէմքերու: Հերի Գունտաքճեանին ոսպնեակը կեանքը դիտած էր իր խնդութեամբ ու դառնութեամբ, սուգի թէ պսակի առիթներով: Անոր փոխանցելիք պատգամին մասին հարցումիս պատասխանելով` աշխարհահռչակ արուեստագէտը իր պատգամը «կտակեց» հայկական ներազգային ու միջազգաին «հասցէներու»: Հայկական իմաստով ան ցմահ պատասխան կը փնտռէր ու կտակած էր, որ զինք յարգողները շարունակեն պրպտել իր մեծ-մեծ մօր` երէցկին Մարիամի ապրիլ 1909-ին Ատանայի ջարդերու վաղորդայնին գրած նամակին «մնացորդացը», որմէ պատառիկ մը պատահմամբ գտնուած էր Գերմանիոյ մէջ: Նամակին մէջ կը նկարագրուէր Հերիի մեծ-մեծ հօր` հասանպէյցի տէր Յակոբ Գունտաքճեանի եւ անոր  28 ընկերակիցներու ողջ-ողջ  թաղումը թուրքերու կողմէ: Ցեղասպան թուրքին համար Հերի կ՛ըսէր, թէ հարկ է, որ ան (Թուրքիա) հաշուետուութեան կանչուի, երբ կարելի եղած էր նման ցեղասպաններ միջազգային դատարան հասցնել (Պոսնիա…): Իսկ լուսանկարչական ասպարէզի սիրահարներուն իր պատգամն էր` «կեանքը դիտել այնպէս, ինչպէս որ է», չխուսափիլ, չծածկել, չանտեսել իրականութիւններն ու ոսպնեակի հարուածներով մերկացնել իրականութիւնը, որքան ալ դառն ու տգեղ ըլլայ անիկա:

Պատմութեան մէջ շատ գտնուած են ականաւոր դէմքեր, որոնք իրենց խոր ազդեցութիւնը ունեցած են իրեն ժամանակաշրջանի դէպքերուն վրայ: Լուսանկարչութեան այս ջահակիր ասպետը իր դրոշմը պիտի շարունակէ ունենալ նաեւ իր մահէն ետք, երբ հետազօտող ու պրպտող պատմաբաններ իր նկարներուն մէջ պիտի գտնեն պատմական որոշ դէպքի մը կամ դէմքի մը շուրջ առեղծուածային կծիկը «քակող թելը»: Փաստօրէն, Լիբանանի թէ շրջանի, նոյնիսկ միջազգային դէպքերու` Միւնիխի ողիմպիականի դէպքէն մինչեւ  1977-ի, 1983-ի 2001-ի եւ նման ցնցումներու թղթածրարները տակաւին ենթակայ են հետազօտողներու պրպտումներուն, ուր անպայման իր դրոշմը ունի եւ պիտի ունենայ  «Հերի Տը Հորս»-ի (ինչպէս ծանօթ էր ան իր գործընկերներուն կողմէ) արագաշարժ, ճկուն ու դիպուկ ոսպնեակը:

Կը մնայ նշել, որ, հակառակ իր նուաճած բարոյական թէ ասպարէզի մասնագիտական բարձունքին, ան յաճախ սիրայօժար բացառիկ ու հազուագիւտ լուսանկարներ ու տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ու կը տրամադրէր հայկական մամուլին, ինչպէս` Սպիտակի երկրաշարժին, թէ աւելի ուշ 2001-ի ականահարումին, երբ առաջին անգամ ինք հաղորդեց, որ հազարաւոր զոհերուն մէջ կան նաեւ չորս հայեր: Ան նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մօտ եղած էր «Ազդակ»-ի պաշտօնական աշխատակիցը  ու ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ պատուաբեր արդիւնքներ ու նուաճումներ արձանագրած էր:

Հերի Գունտաքճեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ համայն հայութեան ու լուսանկարչական ու լսողատեսողական մարզի միջազգային ընտանիքին մօտ:

massis-picture

 

 

Share this Article
CATEGORIES