Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Գ.)
ՎՐԷԺ – ԱՐՄԷՆ
Կազմակերպական մարզէն ներս մեր գաղութի ապագայ զարգացումը յաջողապէս ծրագրելու համար նկատի առնելու ենք նաեւ երեք ազդակներ, որոնք կենսական գործօններ են.
– Մարդկային ներուժը
– Տնտեսական ներուժը
– Ֆիզիքական յարմարութիւնները
Մարդկային ներուժը
Բնականաբար ամէնէն կարեւոր ազդակն է, քանի որ անկէ կախում ունի մնացեալ ամէն ինչը. որքան մեծ ըլլայ ան ու որքան որակաւոր, այնքան մեծ կ՛ըլլայ ու որակաւոր` գաղութի կազմակերպական մարդուժը. հնարաւորութիւնները կ՛աւելնան դնելու ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին վրայ, այլեւ կ՛ունենանք ամէն գործի ատակ ու զայն հասկցող յանձնակատարը :
Գաղութի մը մարդկային ներուժը կամ աւազանը կրնայ ներկայացնել հետեւեալ պատկերը.
– Հայկական ծագում ունեցող բոլոր քաղաքացիները, որոնց անունները կ՛երեւին պետական ցանկերու վրայ, ներառեալ` տակաւին քաղաքացիութիւն չստացած ներգաղթողները: Դժուար է ձեռք ձգել այս ցանկերը, ուստի անհնար է ունենալ բոլոր հայերուն (նաեւ` մէկ հայ ծնողով հայերուն) անունները: Իսկ այդ նպատակով մարդահամար ընելը վեր է մեր ուժերէն: Ամէնէն բազմամարդ ցանկերը տեղական հեռաձայնի տետրերն են, որոնց վրայ հիմնուելով ալ կը պատրաստուին հայկական հեռաձայնի տետրերը, սակայն անոնք երբեք ամբողջական ըլլալու յաւակնութիւն չունին, մանաւանդ որ ոմանք չեն երեւիր հեռաձայնի ընկերութիւններու տետրերուն մէջ, ոմանց ալ անուններէն դժուար է կռահել հայկական ծագումը, կամ` գտնել իրենց անունները, մանաւանդ երբ օտարի հետ ամուսնացած կիներ են:
– Հայութեան հետ առնչուող բոլոր մարդիկը, որոնք անդամ են հայ եկեղեցիներու, ծնողք են հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներու, մաս կը կազմեն հայկական կազմակերպութիւններու, ծանուցում կը դնեն հայկական թերթերու կամ ձեռնարկներու առթիւ հրատարակուած գրքոյկներու մէջ: Բոլոր հատուածներուն կամ կողմերուն պատկանող հայերու ընդհանուր ցանկը պատրաստելը, անոնց հեռաձայնի թիւերով ու ել-հասցէներով` ծրագրումի առաջին կարեւոր քայլերէն մէկը կրնայ հանդիսանալ, ու անպայման կը կարօտի համագաղութային գործակցութեան: Ասիկա կրնայ նաեւ ծառայել հայկական հեռացանկի աւելի ամբողջական տարբերակի մը ստեղծման:
– Մասնակի ցանկերը, ինչպէս, օրինակ, աշակերտներու կամ պատանիներու, երիտասարդներու կամ համալսարանական ուսանողերու, ուսուցիչներու եւ համալսարաններու դասախօսներու, քաղաքական դէմքերու, արուեստագէտներու` երաժիշտներ, նկարիչներ, շարժանկարիչներ, դերասաններ, զանազան մարզերու մասնագէտներու` ճարտարագէտներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ, գիտնականներ, համակարգչագէտներ, այլեւ` հաշուապահներ, առեւտրականներ, գործարարներ եւ այլն, որոնց ներառումը համապատասխան ցանկերու վրայ կը կարօտի իւրաքանչիւր մարզի մէջ գործող ազգայիններու համագործակցութեան, այլեւ պրպտումի` այդ ոլորտներու հաստատութիւններուն մօտ: Այս բոլորը ճանչնալը ծրագրումի կարեւոր հանգրուան մըն է` անոնց ներուժէն օգտուելու կամ անոնց կարիքներուն հասնելու համար: Այս աշխատանքը նոյնպէս կրնայ յաջողիլ, եթէ համագաղութային գործակցութեամբ իրականանայ:
Մարդկային ներուժին լաւապէս ծանօթանալը կարեւոր է մէկէ աւելի նպատակներու համար. գիտնալ քանակական ու որակական արժէքդ, կազմակերպական առումով, բայց մանաւանդ երբ քաղաքական աշխատանք կը տանիս երկրի, նահանգի կամ նոյնիսկ քաղաքի տեղական մակարդակներուն վրայ. եւ` գիտնալ մշակութային արժէքդ կամ թերարժէքդ ոչ միայն արուեստներու, այլեւ հայերէնի իմացութեան, հայախօսութեան տեսակէտներէն` ծրագրելու համար կրթական ու այլ աշխատանքներդ:
Տնտեսական ներուժը
Տնտեսական ներուժի կարեւորութիւնը շեշտելը կը նմանի հաւատացեալներուն քրիստոնէութիւն քարոզելուն: Ոչ ոք կը կասկածի, թէ որքան կարեւոր է տնտեսական ուժը` գաղութի մը կեանքը զարգացնելու համար: Այս առումով ալ չափազանց կարեւոր է գիտնալ, թէ ի՛նչ տնտեսական կարելիութիւններ կը ներկայացնէ մեր համայնքը, իր բոլոր կողմերով, ոչ միայն կազմակերպութիւններու մակարդակին վրայ, այլեւ` անհատներու: Ի վերջոյ բոլորին սեփական հարստութիւնը նաեւ հաւաքական հարստութիւն է, քանի որ անհատներու նուիրատութիւններով, հանգանակութիւններու մասնակցութեամբ, կտակներով ու անդամավճարներով կը գոյանան մեր նիւթական կռուանները մեծաւ մասամբ: Ասիկա կը վերաբերի յանձնառու անհատներուն: Բայց նաեւ` ընդհանուր հանրութեան, որ ձեռնարկներու իր ներկայութեամբ ու անոնց ծախսերուն մասնակցութեամբ ալ իր ներդրումը կ՛ունենայ հաւաքական գանձի գոյացման մէջ:
Ծրագրումը սակայն ճանաչումէն անդին կ՛անցնի ինչպէս այս, նաեւ միւս ազդակներու պարագային: Զարգացումը կ՛ենթադրէ նաեւ նոր կռուաններու ստեղծումը` ծրագրուող աշխատանքներուն նեցուկ կանգնելու համար: Սա արդէն առանձնապէս արծարծուելիք նիւթ է:
Ֆիզիքական յարմարութիւնները
Տնտեսական ներուժին մաս կը կազմեն ի հարկէ բոլոր այն կալուածները` անշարժ գոյքերը, որոնք գաղութին սեփականութիւնն են, ըլլան ատոնք եկեղեցիներ, կեդրոններ թէ դպրոցներ: Ծրագրումի հիմքը պէտք է կազմէ ճանչնալ այս բոլոր ֆիզիքական յարմարութիւններուն ընծայած հնարաւորութիւնները, նաեւ` պակասները, ու այնպէս յանձանձել զանոնք, որ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւնները, բոլոր կողմերէն, լաւապէս կարենան օգտուիլ անոնցմէ` նախ քան մեծ ծախսեր կատարելով այլուր լուծումներ փնտռելը:
Սակայն կայ նաեւ զարգացման միւս երեսը, այսինքն` պակասներու լրացումը, օրինակ, Մոնրէալի պարագային` երիտասարդական կեդրոնի մը, մեծ թատերասրահի մը, հեռաւոր շրջաններու մէջ նոր ծաղկոցներու, դպրոցներու կամ ակումբներու ստեղծումը եւ այլն, որ երկարաժամկէտ ծրագրումով միայն կարելի է իրականացնել:
Վերադառնանք սակայն ծրագրումի միւս ոլորտներուն:

