ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոն Այցելութիւն
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը սրտի պարտք համարեց, որ իր այցելութիւններուն առաջինը ըլլայ ՔԱՀԼ-ի կեդրոն` մեր սիրասուն մամիկներուն, անսալով Արամ Ա. վեհափառի կոչին, որ 2014 տարին «Տարեցներու տարի» հռչակեց եւ պատգամեց յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել ծերին: Ուստի, վարչութիւնը ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի առաւօտուն ՔԱՀԼ այցելեց` օրուան մը ճաշի ծախսը ստանձնելով:
Նախապէս որոշուած կարգադրութեամբ, աւելի քան 25 տարեց մամիկներ, որոնք կարող էին անկողնէն դուրս գալու, հաւաքուած էին հիւրասենեակը: Վարչութեան կողմէ հրաւիրուած էր Սեւան Ադամեանը` գեղարուեստական մթնոլորտ ստեղծելու: Ան իր հրապուրիչ ձայնով երգեց հայերէն երգեր, մանաւանդ` Սասունի ազգագրական երգերէն, առաջարկելով, որ գաւառաբարբառները չմոռցուին: Երգելու ընթացքին տարեցին մօտենալով, երգը անոր ուղղելով` ա՛լ աւելի ոգեւորութիւն ստեղծեց, ոմանք միատեղ երգել սկսան, քանի մը հոգի ալ պարի ելան:
Վարչականները այցելեցին նաեւ անկողնոյ ծառայող տարեցներուն սենեակները: Ոմանք մտային արթնութիւն ունէին: Բայց` ֆիզիքական անկարողութիւն, ուրիշներ մտացիր էին կամ` քնացած: Հոն նոյնպէս երգեց Սեւան Ադամեանը:
Այսպէս, ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին վարչականները այդ օր գոհունակ էին` տարեցին ֆիզիքական եւ հոգեկան սնունդ ջամբած ըլլալով: Երախտապարտ էին անձնակազմն ու տնօրէնութիւնը եւ մանաւանդ լիացած էին պատսպարեալ մամիկները` իրենց օրհնութիւնները բաշխելով:

