ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի «Թռչնոց Բոյն» Այցելութիւնը
ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը 10 ապրիլին այցելեց «Թռչնոց բոյն» եւ նիւթական պարգեւ յատկացուց կեդրոնին:
ԼՕԽ-ականները ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի կողմէ, որ ներկայացուց իրենց աշխատանքները, առօրեան, ընթացիկ հարցերու մասին եւս տեղեկութիւններ տալով: Հանդիպումին ընթացքին տնօրէնին յատկացուեցաւ նուիրատուութիւնը:
Անկէ ետք ԼՕԽ-ականները այցելեցին եկեղեցի, անոր ետին գտնուող հայ որբերու գերեզմանատուն:
CATEGORIES Գաղութային

