«Շուշի» Մասնաճիւղի Միջինքի Ձեռնարկին
11 մարտ 2014-ին Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի Միջինքի առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին 160 հոգիներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Այտա Ճորճ Գասարճի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Այնճարի Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարկօ Բարսեղեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի գործունէութեան դաշտը եւ մասնաճիւղի տարած աշխատանքը` Զահլէի քաղաքի մէջ:
Ներկաներուն իւրաքանչիւրին տրուեցաւ «Կարտինիա» ընկերութեան տրամադրած նուէրը: Եղան նուիրատուութիւններ, ապա վիճակահանութիւն:
Մասնաճիւղի տարեկան այս ձեռնարկը առիթ մը եղաւ մէկտեղելու շրջանի հայ թէ տեղացի կիները` ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ:

