ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղ. Ընկերային Հանդիպում Միջինքի Առիթով
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը միջինքի առիթով:
Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը:
Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն` Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան խօսեցաւ միջինքի աւանդական իմաստին եւ պահքի խորհուրդին մասին: Անի անդրադարձաւ Աւագ շաբթուան, ճրագալոյսի եւ պահքի յատուկ ճաշերուն: Սրբազան հայրը մի առ մի թուեց պահեցողութեան առաւելութիւններն ու նպաստը հոգեկան, բարոյական թէ ֆիզիքական գետնի վրայ: Ան յայտնեց, թէ պահեցողութիւնը մեզի կը սորվեցնէ համբերութիւն եւ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ: «Պահեցողութեան ընթացքին հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորանը վարագոյրով կը փակուի եւ եօթը կիրակի փակ վարագոյրով պատարագ կը մատուցուի», ընդգծեց սրբազան հայրը:
Ապա Մատլէն Տանակէօզեան խօսեցաւ ծաղիկներու իմաստին եւ անոնց ազդեցութեան մասին, կարգ մը անուններու վրայ, ըստ աւանդութեանց:
Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր լիբանանահայ արուեստագէտ ամոլ` տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Մարինէ Եսայեան` ձայնի հաղորդավար, Գէորգ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ, խանդավառեցին մթնոլորտը, ազգային ժողովրդական երգերով: Մարինէ Եսայեան նաեւ ելոյթ ունեցաւ յատուկ ասմունքներով:
Այս առիթով եղան վիճակաձգութիւններ, նուիրատուութիւններ եւ Սեդա Պէօյիւքեան ստացաւ յատուկ նուէր մը եւ իր կարգին ընտրեց օրուան բախտաւոր մայրը:

