Ճաշ` Ի Պատիւ Տարեցներու

garineh-daretsnerou-tsernargՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի» յայտարարելով, որ ասիկա կը մեկնի այն իրողութենէն, որ տարեց սերունդը աւիշն է մեր ընկերութեան, հիմքը ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը որեւէ կազմակերպութեան` անհրաժեշտութիւն նկատելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերել հոգածութիւն, սէր, խնամք եւ յարգանք:

Առ այդ, Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը` որպէս իր ժամանակաշրջանի եզրափակիչ ձեռնարկ, 29 մայիս 2014-ի կէսօրին, «Թեհլիրեան» ակումբին մէջ պատրաստած էր սիրոյ սեղան մը, հրաւիրելով մասնաճիւղի որդեգրած ծերերը եւ Ամանոս շրջանին մէջ բնակող տարեց անդամները:

Ճաշը եւ անուշեղէնը պատրաստուած էր վարչութեան կողմէ: Ատենապետ Ժանէթ Հաւաթեան ողջունելէ ետք Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ ներկաները` բոլորին մաղթեց  առողջութիւն եւ երկար կեանք: Նկատի ունենալով, որ օրը կը զուգադիպի Համբարձման տօնին, բոլորին բաժնուեցան եւ կարդացուեցան Համբարձման աւանդական առակները:

Իսկ տարեցները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին ԼՕԽ-ին, եւ Աստուծմէ խնդրեցին ուժ եւ կորով իւրաքանչիւր խաչուհիի, որպէսզի շարունակէ ազգանուէր իր գործունէութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES