ԼՕԽ-ը Եւ Հայուհին Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 22 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի լսարանը, ներկայութեամբ մասնաճիւղի անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները ողջունեց    մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Թազեան:

Ձեռնարկին զրուցավարն էր Սիլվա Գարավարդանեան. ան արծարծեց ԼՕԽ-ականն ու հայուհին հետաքրքրող նիւթեր` ԼՕԽ-ին հիմնադրութենէն մինչեւ անոր գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը` ազգային, կրթական, ընկերային, բարեսիրական, տնտեսական, քաղաքապետական եւ այլ դիտանկիւններէ: Հրաւիրեալ բանախօսներն էին` Մարալ Յովհաննէսեան, Անի Բագրատունի, Նելլի Վէքիլեան, Թամար Տէր Պետրոսեան, Ալիս Պօղոսեան, Արաքսի Շահինեան եւ Սօսէ Ճինպաշեան:

Առաջին հերթին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան խօսեցաւ «ԼՕԽ-ը` առաքելութիւն եւ գործունէութիւն» նիւթին մասին: ԼՕԽ-ի հիմնադրութեան ամփոփ պատմականը ներկայացնելէ ետք, ան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի տասնամեակներու վրայ երկարող կամաւոր, ազգանուէր գործունէութեան` թուելով անոր հիմնական հանգրուանները եւ կատարած իրագործումներու յաջողութիւնը:

Անի Բագրատունի «ԼՕԽ-ի առնչակցութիւնը ՀՅԴ-ին եւ անոր ազգային առաքելութիւնը» նիւթով անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան,  պատմականին, այս իմաստով ՀՅ դաշնակցական գործիչ` Էտկար Ակնունիի ջանքերուն` դիտել տալով, որ միութիւնը գործեց նախ իբրեւ ՀՅԴ Կարմիր խաչ եւ ապա` Հայ օգնութեան միութիւն: Բագրատունի մէջբերումներ կատարեց` ըսելով, թէ հայկական յեղափոխութեան զուգահեռ կը գործէին նաեւ հայ կանանց խումբեր, օգնելով ու դարմանելով վիրաւոր ֆետայիները:

Նելլի Վէքիլեան «ԼՕԽ-ը եւ Լիբանանի քաղաքապետական-քաղաքային կառոյցը, գործակցութիւնը» նիւթով անդրադարձաւ ԼՕԽ-ին հետ քաղաքապետութեանց, յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործակցութեան գործընթացին, թուելով այդ գործակցութեան զանազան մարզերը:

Կարճ դադարէն ետք, Ալիս Պօղոսեան խօսեցաւ «ԼՕԽ-ուհին եւ Հայ դատը» նիւթին մասին եւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ԼՕԽ-ի դերակատարութեան` ընդգծելով, որ ԼՕԽ-ը մեր առօրեան է: «Ինծի համար ԼՕԽ-ը չորս բան է` զոհողութիւն, մարդասիրութիւն, օգնութիւն եւ անսակարկ նուիրում» շեշտեց Պօղոսեան` յիշեցնելով, որ սխալ է այն վարկածը, թէ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մեր դատը կրնայ մեռնիլ կամ ժամանակավրէպ դառնալ:

Թամար Տէր Պետրոսեան. «ԼՕԽ-ը եւ ընկերային, բարեսիրական գործունէութիւնը» խորագրեալ նիւթին անդրադառնալով` խօսեցաւ ընկերային ծառայութեան ու կամաւոր աշխատանքին մասին, սահմանելով անոր գործունէութեան խորքն ու առաքելութիւնը: «Կամաւորը կ՛աշխատի առանց նիւթական ակնկալութեան, կը փորձէ դարմանել անարդարութիւնները», ընդգծեց Տէր Պետրոսեան` պարզելով կամաւոր աշխատանքի կարեւորութիւնը հայութեան համար ու յատկապէս ԼՕԽ-ի ընտանիքին մէջ շեշտելով, որ ԼՕԽ-ը դպրոց է մեզի համար:

«ԼՕԽ-ուհին եւ տնտեսագիտութիւնը» նիւթով Արաքսի Շահինեան իր ակնարկը բաժնեց գլխաւոր հինգ գլուխներու: Շահինեան նախ սահմանեց տնտեսագիտութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը հայկական ու յատկապէս ԼՕԽ-ի կեանքին մէջ, անդրադարձաւ Լիբանանի տնտեսութեան ու առհասարակ տնտեսագիտութեան հիմնական նպատակներուն` խնայողութեան, ներդրումի եւ եկամուտի հայթայթման ձեւերուն: Ապա Արաքսի Շահինեան խօսեցաւ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին ու յատկապէս` ԼՕԽ-ի մէջ հաշուեկշիռի պատրաստութեան հիմնական քայլերուն մասին, որոնք կրնան խթան հանդիսանալ նիւթապէս ապահով ու խնայողական գործունէութեան թէ գործառնութեան յաջողութեան:

Սօսէ Ճինպաշեան. «ԼՕԽ-ը եւ հայեցի կրթութիւնը» նիւթով առաջին հերթին անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութեան` նշելով մեր զաւակները օտար վարժարան ղրկելու երեւոյթի ժխտական հետեւանքները: Ճինպաշեան յիշեցուց նախորդ սերունդներու, յատկապէս Եղեռնէն ճողոպրած հայ մայրերուն նախանձախնդրութիւնը մայրենիի պահպանման գծով, երբ անոնք բռնագաղթի ճամբուն վրայ անապատի, աւազներուն վրայ այբուբեն կը սորվեցնէին հայ փոքրիկներուն:

Դասախօսները հերթաբար պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն եւ լուսաբանական ընդմիջումներուն:

Share this Article
CATEGORIES