«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

«Աշխէն» Մասնաճիւղ

2205ShahanrtoukhdԼիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ) յարգեց աւանդութիւնները, 22 մայիս 2014-ին հրաւիրեց իր անդամուհի մայրերը, մեծ մայրերը` նաեւ` բարեկամուհիները, միասնաբար յիշելու մեր մայրերը, Միութեան ծառայած անցեալի եւ ներկայի մայրերը: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան հանդիսասրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգը երգեցին ներկաները` խմբական ձայնակցութեամբ, ապա վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան կատարեց բացման խօսքը, որ գեղեցիկ բանաձեւումն էր մայրութեան, մասնաւորաբար` հայ մօր:

Հանդիսութիւնը ունեցաւ երկու բաժին. գեղարուեստական որակաւոր յայտագրին միացաւ բանախօսական բաժին: Երգն ու երաժշտութիւնը ներկայացուց Գէորգ Պաղտասարեան` հայկական ազգային, գաւառական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգացանկին հետեւողութեամբ:

Գեղարուեստական յայտագրին բացումը կատարեց ասմունքող Մարալ Վարդապետեան, ներկայացնելով մօր նուիրուած քերթուածներ` Աւ. Իսահակեանէն, Շիրազէն, երգերը քաղուած են բանաստեղծութիւններէն կենդանի կերպարը ներկայացնող հայ մօր:

Օրուան բանախօսն էր Շահանդուխտ. ան իր խօսքին առաջին մասով ներկայացուց հայոց պատմութեան ընթացքին մայիս ամսուան մէջ իրագործուած յաղթանակները: Յիշեց 1918 մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, իրագործուած` հայ ժողովուրդի զաւակներուն հերոսական սխրանքով, դիմադրելով թրքական բանակի ոտնձգութիւններուն, որ արեւմտեան Հայաստանը իւրացնելէ եւ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդելէ ետք կը նկրտէր գրաւել Երեւանը եւ համայն Հայաստանը:

Շահանդուխտ անդրադարձաւ նաեւ ղարաբաղեան յաղթանակին, Շուշիի ազատագրման, որ իրագործուեցաւ հայ երիտասարդներու նահատակութեամբ: Ան համառօտ պատմականով մը ներկայացուց Շուշիի արժէքը իբրեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ արուեստի կեդրոն բնօրրանի մը:

Իր խօսքին երկրորդ մասը յատկացուց հայ մօր առաքելութեան, որ կը յատկանշուի նուիրումով, անձնդիր զոհաբերումով: Ան նոյն ատեն բաղդատական ըրաւ 1940-ական թուականներէն   գաղութահայ մեր կեանքին սկզբնական ձեւաւորումի տարիներէն մինչեւ օրս հայ ժողովուրդին մանուկներ ընծայող մայրերուն, որոնք նուազագոյնը կը ծնէին 5-6 զաւակ, չքաւորութեան եւ ոչ բնական կենսաձեւով ապրող մեր ժողովուրդին: Այս աճը մեր թիւին սկսաւ նուազիլ 1960-ական թուականներէն սկսեալ` վերածուելով առաւելագոյնը երեք ծնունդի: Լիբանանի  պատերազմը պատճառներէն գլխաւորը եղաւ մեր աճին նուազումին: Առաւելագոյն` երկու զաւակ, յետոյ` մէկ զաւակ` 2000 տարեթիւէն սկսեալ, կամ` ոչ զաւակ:

Դարը, տարիները, պայմանները փոխուած են, եւ այդ ամէնը` ի վնաս մեր աճին, մեր մանկապարտէզներու թիւի անկումին: Այսուհանդերձ, բանախօսուհին թելադրեց մեր երիտասարդ մայրացուներուն, որ չըլլան այդքան ժլատ, գոհունակութիւն, հանդուրժողութիւն եւ նուիրում արտայայտեն յանուն ազգին աճին: «Եթէ յետեղեռնեան տառապած մեր մայրերը չըլլային անձնուէր, մեր թիւը սփիւռքի մէջ պիտի հալէր: Ներկայիս նիւթապաշտութիւնը գերազանց է եւ կը նուաստացնէ մեր արժէքները, մասնաւորաբար` մեր թիւին աճումը…

Ուրախ մթնոլորտը ճոխացուցին Տինա Հատտատ, որ քնքուշ ձայնով մեներգեց. Արմինէ Խառնըլեան նոյնպէս երգեց մայրերուն նուիրուած երգեր, ինչպէս նաեւ` քնարաշունչ, աշուղական երգեր: Մարինէ Ասայեան արտասանեց մօր ձօնուած բանաստեղծութիւն մը:

Յայտագրի ընթացքին յիշուեցաւ մօտալուտ Համբարձման տօնը, վարչութեան պատրաստած «Ջան գիւլիւմ»-ի քառեակներ ստացան ներկաները, Իսկուհի Գափլանեան ներկայացուց անցեալի աւանդութիւններ, հեքիաթ մը, Համբարձման տօնին նկարագրութեամբ:

Գաւառական երգերու կշռոյթով ներկաները կատարեցին շուրջպարեր, որոնց մասնակցեցան խմբական երգերով` քարաօքէի երգեցողութեամբ:

Կէսօրուան ճաշը մատուցուեցաւ, ապա շարունակուեցաւ տօնը: Աւարտին, կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, բազմաթիւ եղան բախտաւորները:

Նախքան մեկնում` ներկաները ստացան փոքր թաղարներով ծաղկած ծաղիկներ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ նուէր` մայրերուն:

Ամէն տեսակէտով` բացառիկ նկատուած մտերմիկ եւ հարազատ տօնակատարութիւն մը: Սրահէն մեկնողները իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները յայտնեցին «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան:

«Աստղիկ» Մասնաճիւղ

2005asdghigԵրեքշաբթի, 20 մայիս 2014 թուականը տարբեր օր էր ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին համար, որ «Պատկեր» ճաշարանին մէջ, ունեցաւ գարնանային մտերմիկ ձեռնարկ մը` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան: Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ԼՕԽ-ականները յիշատակելի պահեր ապրեցան հայկական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` անդրադառնալով մայիս ամսուան յատկանշական օրերուն եւ տօներուն սկսելով Շուշիի ազատագրումէն, Համբարձման եւ Հայաստանի անկախութեան տօներէն` հասնելով մայրերու օրուան: Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ մայիս ամիսը նուիրուած է հայ մայրերուն եւ ամբողջ տիեզերքի մօր, Մարիամ Աստուածածնին:

Ապա ձեռնարկը ճոխացուցին Ժան Օհաննէսեան` կիթառով եւ Նժդեհ Պոտրումեան` Սայաթ Նովայի աշուղական երգերու մեկնաբանութեամբ:

Մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ երբ հնչեցին ժողովրդական եւ ազգագրական երգերը` ներկաներուն մասնակցութեամբ:

Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ, դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

«Արագած» Մասնաճիւղ

2305Fr-AshekianԿազմակերպութեամբ լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արագած» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 23  մայիս 2014-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան եւ Համբարձման նուիրուած ձեռնարկ մը Արագածի շրջանի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Խաչ-ուհիներու եւ բարեկամներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Մելինէ Մարգարեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մայիս ամսուան յիշատակելի ձեռնարկներուն-տօներուն, ինչպէս` մայրերու օր, Համբարձում, Հայաստանի անկախութիւն` մայիս 28: Ապա բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքէն ետք հրաւիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տաճատ աբեղայ Աշըգեանը, որպէսզի փոխանցէ Համբարձման տօնին խորհուրդը:

Հայ սուրբը նախ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ հայ կնոջ եւ մօր դերակատարութեան ու զոհողութեան, զոր կը ցուցաբերէ իր ընտանիքին հանդէպ, ապա քրիստոնէութեան վրայ հիմնուած հայ ժողովուրդի դաստիարակութեան, Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն եւ խաչելութենէ քառասուն օր ետք անոր երեւման ու համբարձման:

Օրուան պատգամէն ետք մթնոլորտը ճոխացուց Գէորգ Պաղտասարեան` հայկական պարեղանակներով:

Յայտագրի ընթացքին Համբարձման տօնի վիճակի խօսքերը բաժին ինկան բոլորին: Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները:

Մայիսեան երեք տօներու աւանդական օր մը համարուող «Արագած» մասնաճիւղի ձեռնարկը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

«Շուշանիկ» Մասնաճիւղ

0905shoushanigԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 9 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհաւորեց մայրերու տօնը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք այս ձեռնարկին համար սիրուն յուշանուէրներ տրամադրած էին, ինչպէս` «ԱՖՀԻԼ» հաստատութիւն, որ տրամադրեց գրիչներ, «Նիվիա» ընկերութիւն, նաեւ Աշոտ Մսըրլեան, որ տրամադրեց փոքրիկ ծաղկեկողովներ, նաեւ «Այանեան» հաստատութիւնը, որ տրամադրեց օրուան բախտաւոր մօր նուէրը: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը` տիրամայր Սոնա Աշգարեանը, որ փոխանցէ իր խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ մայր բառը հոմանիշ չունի, որովհետեւ մայրը այն անձն է, որ կը զոհուի առանց փոխարէնը սպասելու: Ան շեշտեց, որ ընտանիքը շատ արժէքաւոր է, որովհետեւ ընտանիքի արմատէն կը բխի բարեկրթութիւնը, քաղաքավարութիւնը, մարդակերտումը: «Մայրը տան սիրտն է» հաստատեց տիրամայր Աշգարեան` աւելցնելով, որ կեցուածքը, վարուելակերպը, շարժուձեւը, հոգածութիւնը, զոհողութիւնը, յարգանքը, բարեպաշտութիւնը, բարեսրտութիւնը, ազնուութիւնը ինքնաբերաբար կը փոխանցուին զաւկին: «Աստուած օրհնէ բոլոր հայ մայրերը, հայ ընտանիքները եւ մեզի առողջ սերունդ` պարգեւէ մեր մայրերուն գիտակցութեամբը», եզրափակեց տիրամայր Աշգարեան:

Գեղարուեստական բաժնով Մարինէ Եսայեան ասմունքեց «Խօսք իմ որդուն» եւ «Մայրս» բանաստեղծութիւնները: Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն Դրօ Միրզայեան ասմունքեց «Դերենիկը» եւ «Մօր ձեռքերը», իսկ օրուան երգիչն էր Նշան Հաննէշեան:

Ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան երիցագոյն մայրերը, որոնք թիւով 3 էին ներկաներուն մէջ եւ ստացան յուշանուէրներ:

«Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

1505a-papazianԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը 15 մայիսին յատուկ շուքով ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեց մայրերու օրը «Քարաքաթ Հաժ» ճաշասրահին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք (որ կը նուագուէր երգեհոնի վրայ Շանթ Տիշչէքէնեանի կողմէ), հանդիսութեան բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մայրերուն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեանին եւ քոյր մասնաճիւղերէ եկած ընկերուհիներուն: Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` ան ըսաւ, որ հայ մայրը անզուգական արժէք է. «Մայրը այն անձն է, որ կրնայ ուրիշներ փոխարինել, բայց ոչ ոք կրնայ զինք փոխարինել»:

Անկէ ետք Շանթ Տիշչէքէնեան փունջ մը հայկական նուագներ հրամցուց` ճոխացնելով մթնոլորտը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը Մէյրի Արեւեանը: Խօսքը ուղղելով ներկաներուն ան ըսաւ: «Կ՛ուզեմ յարգանքի տուրքս տալ հայ մօր, որ մեզ սիրեց անսակարկօրէն եւ ինքզին ընծայաբերեց ազգին ու հայրենիքին»: Շարունակելով իր խօսքը, Արեւեան ըսաւ, թէ հայ ազգի պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայ կինն է, որ ստանձնած է դաստիարակի դերը` պահպանելով հայ ընտանիքը օտար ազդեցութիւններէ` միշտ յարգուելով ու արժեւորուելով: Իր խօսքի աւարտին Մէյրի Արեւեան ըսաւ. «Փափաքս է, որ հայ մայրը վերանորոգէ իր ուխտը աւելի եւ աւելի նուիրուելու իր ընտանիքին, ազգին եւ հայրենիքին: Կը շնորհաւորեմ բոլոր մայրերը այս առիթով մաղթելով բոլորիդ համբերութիւն, առողջութիւն, երկար եւ երջանիկ կեանք»:

Որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ երգչուհի Յասմիկ Պէրթիզլեան, որ ներկայացուց փունջ մը հայկական երգեր:

Ապա Ազնիւ Թորոսեան խոր ապրումով ասմունքեց Հենրիկ Թումանեանի «Մայրը» եւ Շուշանիկ Կուրղինեանի «Այդ մենք ենք գալիս» կտորները:

Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը, որմէ ետք բաժնուեցան վիճակահանութեան տոմսեր, ներկաներէն շատեր բախտաւորուեցան նուէրներով:

Հայ մայրերը մեկնեցան գոհունակ, որովհետեւ գնահատուած էին ըստ արժանւոյն:

«Սօսէ» Մասնաճիւղ

2705Sosseh-127 մայիս 2014-ին Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ կ՛արձագանգէր հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը: ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթն էր` մայրերու եւ Համբարձման նուիրուած:

Ձեռնարկի բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց վարչական անդամ Բեգա Երջանեան, վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, Պէյրութէն ժամանած բազմաթիւ հիւրերու, տեղացի կիներուն եւ ԼՕԽ-ականներու, ան նաեւ շնորհաւորեց հայ մայրերն ու մեծ մայրերը, Բ. Երջանեան մայրութիւնը սահմանեց որպէս կեանք, սէր, հաւատք, ուժ, զոհողութիւն, համբերութիւն եւ տաքուկ գիրկ իր զաւակներուն: Իսկ աղօթող մօր ընտանիքը անկործանելի բոյն է հաստատեց ան` երանի տալով բոլոր անոնց, որոնք ողջ մայր ունին:

Տրուած ըլլալով, որ հեռակայ Ժիպէյլի շրջանի մէջ տեղացիները` գնահատելով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, ներկայ կ՛ըլլան ձեռնարկներուն, արաբերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մունա Թանպուքեան. մայիս ամիսը որակելով որպէս Աստուածամօր ամիս` ան շնորհաւորեց մայրերն ու մեծ մայրերը, ինչպէս նաեւ մեզմէ անվերջ հեռացած մայրերը…

Ձեռնարկի ընթացքին վարչութեան ատենապետ Լուսին Պէզճեան, ծաղկեփունջով եւ յիշատակի նուէրով մը շնորհաւորեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանը, որ իր կարգին սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:

Ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ Մանուկ Սարգիսեանը: Ներկաներուն բաժնուեցաւ աւանդական Համբարձման առակներ, ինչպէս նաեւ տուրմեր, որոնց վրայ հայերէնով գրուած էր`

  Մայրը մի բան է
  Մայրը մի վանկ է
  Սակայն այս բառը
  Մի ադամանդ է…

Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում վարչութեան կողմէ: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, իսկ վիճակահանութենէն շահող թիւերը ստացան գեղեցիկ նուէրներ:

«Չաւօ Շանթ» Մասնաճիւղ

2205chavo-shant22 մայիսին ԼՕԽ-ի Չաւօ Շանթ (Տքուէնի) մասնաճիւղը իր ակումբին մէջ կազմակերպեց մայրերու նուիրուած ձեռնարկ: Սրահին մուտքին գարնանային ծաղիկներ նուիրուեցան բոլոր մասնակիցներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ատենապետ Ժագլին Ագըլեան, որ շեշտը դրաւ հայ մայրերու առաքելութեան վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ մայրը մարդկային պատմութեան մէջ կը խորհրդանշէ կեանքը, որովհետեւ ինք կեանքի աղբիւր է, մայրն է հիմը առողջ եւ քաղաքակիրթ ընկերութեան:

Ապա ներկաները գեղարուեստական մթնոլորտ մը ստեղծեցին` ասմունքներով եւ երգերով:

Օրուան բանախօսն էր Մարլէն Տանակէօզեան, որ ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ ծաղիկ խնամելու արուեստին մասին:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, բաժնուեցաւ Սբ. Ռիթային աղօթագիրքը եւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ տրամադրուած գրիչները, ինչպէս նաեւ Համբարձման վիճակներ:

«Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր մայրերու օրուան ձեռնարկը 20 մայիսին, «Նագուզի» ճաշարանին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ փոխանցեց, թէ ամէնօրեայ դժուարութիւններու կողքին հարկ է անպայման նշել աշխարհի ամենագեղեցիկ տօնը, որ կը զուգադիպի մայիս ամսուն, որ վարդերու ամիս է, նաեւ մայիսը բնութեան գեղեցկագոյն հանգրուանն է, որ նուիրուած է թանկագին անձի` մօր:

Ան յատուկ կերպով շնորհաւորեց հայ մօր տօնը խոնարհելով անոր տարած զոհաբերութեան առջեւ` համբուրելով անոնց ձեռքերը:

Ձեռնարկին ներկայ երէց մայրերէն Վերթահիմ Աւագեան ասմունքեց եւ սաղմոս արտասանեց, նաեւ ջերմօրէն շնորհաւորեց նուիրեալ հայ մայրերուն տօնը:

Մասնաճիւղի ձեռնարկին ճաշերու պատրաստութիւնը ստանձնած էր ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը:

«Կարինէ» Մասնաճիւղ

1305garineh-1ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութիւնը 13 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Ժալ Էլ Տիպի «Խան Ուարտ» ճաշարանին մէջ կազմակերպեց մայրերու նուիրուած ձեռնարկ մը: Ի պատիւ մայրերուն, վարչութեան անդամները պատրաստած էին ձեռային աշխատանքներ` կարմիր կտորով վարդերէ կրծքասեղներ, որոնք զետեղուեցան իւրաքանչիւր սրահ մտնողի կուրծքին:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Ժանէթ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց մայրերը` անդրադառնալով անոնց անփոխարինելի առաքելութեան եւ ստանձնած ծանր ու կարեւոր պարտականութեան:

Գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր, երիտասարդ Սամուէլ Առնէլեան սաքսոֆոնի վրայ նուագեց հայկական գեղեցիկ երգեր:

Հայաստանէն ժամանած ՀՕՄ-ական Մարօ Բոտիկեան ասմունքեց «Մօր ձեռքերը», իսկ սուրիահայ Մարի Ինճէեան երգեց «Զինուոր»-ի եւ «Մայրիկիս» երգերը: Ան նաեւ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հովանիին տակ գործող կառոյցներու կարեւոր առաքելութեան` շեշտելով, որ պէտք է համալրել անոնց շարքերը, միանալ անոնց, որպէսզի շարունակուի կարեւոր առաքելութիւնը:

Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն, նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը:

«Արազ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 մայիս 2014-ին «Պուզըր» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ շրջանի ԼՕԽ-ականներու, քոյր մասնաճիւղերու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներուն: Բացման խօսքին մէջ մասնաճիւղի ատենապետ Արշօ Կարապետեան ողջունեց ներկաները` լուսարձակի տակ առնելով հայ մօր առաքելութիւնը` ընտանիքի մէջ եւ ազգային մակարդակի վրայ. ան դիտել տուաւ, որ այդ նուիրումով տարիներ շարունակ հայ ազգը մնացած է կանգուն եւ պահած է իր դիմագիծը: գեղարուեստական յայտագրի ընդմէջէն խօսք առաւ շրջանի երիցագոյն ընկերուհի` Մանուշակ Քէշիշեանը` ընթերցելով Մեսրոպ Մաշտոցի, Պարոյր Սեւակի եւ մօր նուիրուած այլ խօսքեր: Ապա մաղթեց, որ հայ մայրը Աստուծոյ շնորհքով մնայ իր առաքելութեան մէջ եւ պահէ իր ընտանիքը հայկական մթնոլորտով:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:

«Ռուբինա» Մասնաճիւղ»

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Նահր Քելպի «Նահըր Ասրար» ճաշարանին մէջ տօնեց մայրերու օրը, ներկայութեամբ խաչուհիներու եւ բարեկամներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան, որ ներկաներուն բացատրեց մայրերու օրուան եւ Համբարձման տօներուն իմաստը: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին, որոնք կը քաջալերեն մասնաճիւղի ծրագիրները` ի խնդիր միութեան բարգաւաճման եւ գոյատեւման: Ապա վարչականները հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին` երգ, շուրջպար, զուարճալի պահեր անցուցին բոլորը:

Եղան նուիրատուութիւններ, նաեւ` վիճակահանութիւնը:

«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրաթ, 16 մայիս 2014-ին կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-էն սկսեալ Ա. Ազիրեան «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիէմեզեան, որ խօսեցաւ նոր սերունդի մայրերուն եւ նախկին մայրերու աշխատանքին մասին: Տարեցներու տարի ըլլալով` ան խօսեցաւ տուներուն մէջ երէցներու նկատմամբ յարգանքի կարեւորութեան մասին:

Ձեռնարկը խանդավառեցին ասմունքով Մարինէ Եսայեան եւ երգով Յովսէփ Եսայեան:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

«Անահիտ» Մասնաճիւղ

2005anahid-mayrerou-orԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ 20 մայիս  2014-ին Մար Եուսեֆի ակումբին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան, կարդալով նամակ մը ուղղուած մայրերու:

Ձեռնարկը խանդավառեց Սեւան Ադամեան` ընկերակցութեամբ Գէորգ Պաղտասարեանի: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուէրներու բաշխում. բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ եւ Արամ Ա. վեհափառ հօր յայտարարած հայ մօր տարուան առիթով հրատարակուած եւ մօր նուիրուած գիրքեր:

 

Share this Article
CATEGORIES