Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Մասնագիտական Դասախօսութիւն` Արեան Գերճնշումի Եւ Անոր Բուժման Մասին
Երէկ` ուրբաթ, 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մասնագիտական դասախօսութիւն մը` արեան գերճնշումին մասին:
Միութեան անունով տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը` Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութեան ատենապետ, սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:
Տոքթ. Էճիտեան անդրադառնալով արեան գերճնշումին` շեշտը դրաւ դեղի մը վրայ եւ խօսեցաւ անոր առաւելութիւններուն մասին, որ անկախ գերճնշումի յաղթահարումէն, նաեւ կրնայ բաւական բարդութիւններու առաջքը առնել` սկսելով երակախցումի զանազան հանգրուաններէն մինչեւ բորբոքում, ապա երակի ձեւի փոփոխութիւն եւ վերջապէս երակներու խցում: Ան յայտնեց, որ այս բոլոր հանգրուաններուն մէջ այդ դեղը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ եւ արեան գերճնշումը շտկելով` յաւելեալ պաշտպանութիւն կու տայ երակներուն:
Խօսելով դեղին առաւելութիւններուն մասին` տոքթ. Էճիտեան յայտնեց, որ բազմաթիւ հիւանդներ երկար տեւողութեամբ կը գործածեն այդ դեղը եւ չեն փոխարիներ զայն այլ դեղով: Այդ դեղը նաեւ ազդեցիկ է տարեցներուն, երիկամունքի անբաւարարութիւն ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ գէր անձերու մօտ:

