Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ Նատուա Քամաթիէ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցաշարքը հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ յստակացած են աւարտականին իրարու դէմ ճակատող կազմերը` ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Նատուա Քամաթիէ:
Անոնց երկուքին միջեւ աւարտական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 31 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 14:45-ին:
Նշենք, որ իր կատարած վերջին երկու մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ յաջորդաբար յաղթեց Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի եւ Մոն լա Սալի, երկուքն ալ` 3-0 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական

