Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Հայաստան – Ալճերիա
Սիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող «Սթատ տը Թուրպիոն» մարզադաշտին վրայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի մրցի Ալճերիոյ դէմ` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը 19:00-ին):
Հայրենի կազմը անցնող քանի մը օրերուն ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցում մը կատարելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ, 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նշենք, որ Հայաստան բարեկամական այլ մրցում մըն ալ նախատեսած է Գերմանիոյ դէմ:
CATEGORIES Մարզական

