Արցախի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Շուէտ

3005artzakhArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը մեկնեցաւ Շուէտ, ուր 1-8 յունիսին տեղի պիտի ունենայ չճանչցուած հանրապետութիւններու աշխարհի բաժակի 2014-ի մրցաշարքը:

Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 12 երկիրներ:

Արցախի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ հետեւեալ երեք հաւաքականները` Էլլան Վանի, Նիցցայի Կոմսութիւն եւ Զանզիպար:

Share this Article
CATEGORIES