ՖԻՖԱ-ն Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. 2014-ի Մոնտիալին 12 Մարզադաշտերէն 3-ը Լաւ Վիճակի Մէջ Չեն

3005jerome-valkeՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին գծով` նշելով, որ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող 12 մարզադաշտերէն 3-ը լաւ վիճակի մէջ չեն եւ բաւարար չափով պատրաստ չեն մրցումներ հիւրընկալելու:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, Վալքը Պրազիլի տարբեր քաղաքներուն մէջ իր կատարած երկու շաբթուան շրջապտոյտէն ետք դիտողութիւն ուղղած է Նաթալի, Փորթօ Ալեկրէի եւ Սան Փաուլոյի կազմակերպիչներուն: Վերոնշեալ երեք մարզադաշտերը ընդամէնը 15 մրցում պիտի հիւրընկալեն:

Միւս 9 քաղաքներէն ան գոհ մնացած է:

Նշենք, որ Պրազիլի մէջ 2014-ի Մոնտիալը պիտի սկսի 12 յունիսին եւ պիտի աւարտի 13 յուլիսին:

Share this Article
CATEGORIES