Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, շնորհաւորեց Սալամ Զղարթան, որ տիրացաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թրիփոլիի:

Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին, մրցումները այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.

ԿԻՐԱԿԻ, 1 ՅՈՒՆԻՍ ԺԱՄ    ԴԱՇՏ
Շապապ Արապի – Ահտ 10:00 Սաֆա
Նըժմէ – Ռասինկ 10:00 Նըժմէ
Իժթիմահի – Մաժտալպաանա 10:00 Թրիփոլի
Շապապ Թրիփոլի – Ախա Ալէյ 10:00 Շարք
ՀՄԸՄ – Սաֆա 12:00 Նըժմէ
Թրիփոլի – Մապարրա 12:00 Թրիփոլի
Շեպիպեթ Մազրաա – Սալամ Զղարթա 12:00 Շարք

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, թէեւ վաւերացուեցան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, սակայն ֆետերասիոնը ծանր պատիժներ տնօրինեց Աքատիմիյեթ Ֆաթաթի նկատմամբ:

Խումբը 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ անկէ երեք կէտ խլուեցաւ, որովհետեւ անոր մարզիկները յարձակում գործեցին իրաւարարին վրայ:

Տուգանքէն բացի, իրաւարարին բժշկութեան բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ ակումբը:

Ոչ մարզավայել կեցուածք ունենալու եւ ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած մէկ յանձնախումբին վրայ յարձակած ըլլալու համար Քարին Հատտատ եւ Նատա Արապժի մէկական տարիով կախակայուեցան:

Ակումբին պատասխանատուներէն Իզզաթ Խալիլ հինգ տարիով կախակայուեցաւ` ֆետերասիոնին մէկ անդամին զարկած ըլլալուն համար, մինչ Ռաֆայէլ Ապպաս կախակայուեցաւ երեք տարիով` իրաւարարին զարկած ըլլալուն համար:

Իրաւարարին զարկած ըլլալնուն համար մէկական տարիով կախակայուեցան նաեւ մարզիկներ` Ուաէլ Թըրք եւ Տանիել Ապպաս:

Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Պէյրութ Ռիատի ակումբը, որ հանդիսացաւ աղջկանց 19 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES