Պասքեթպոլ. Եունիըն Տիրացաւ Հայաստանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին
Իր լուրը քաղելով basket.am կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Ինճինիրը եւ Եունիընը, աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 78-73 արդիւնքով:
Աւարտական այս ճակատումը, ընթացաւ բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ ցուցադրեցին սքանչելի ներկայացում մը` իրենց կազմերուն մէջ ռուսահայ եւ սփիւռքահայ մարզիկներ ունենալնուն շնորհիւ:
Յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեանէն:
CATEGORIES Մարզական

